Այսօր, 27 Սեպտեմբերին` 44-օրեայ պատերազմի 5-րդ տալելիցին օրը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներն ու «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելած են Եռաբլուր պանթէոն:
Անոնք ծաղիկներ զետեղած են Եռաբլուրի մէջ՝ ի յիշատակ նահատակ հայորդիներուն, որոնք անմնացորդ նուիրուեցան հայրենիքի ազատագրութեան պայքարին։
Լեռնային Ղարաբաղի հարցը փակուած չէ. լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սեյրան Օհանեան։
Պաշտպանութեան նախկին նախարարի կարծիքին համաձայն, Ատրպէյճան իր գործողութիւններով աւելի սրած է հակամարտութիւնը, իսկ տեղի ունեցածին պատասխանատուն Հայաստանի իշխանութիւններն են։
ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է. «Այս իշխանութիւնները ամէն ինչ կ’ընեն, որ արցախցիները ոչ միայն չկարենան վերադառնալ հայրենիք, այլեւ լքեն Հայաստանը»:
ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի խօսքին համաձայն, իշխանութիւն կոչուածները որեւէ պատասխանատուութեան զգացում չունին։ «Այս իշխանութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ, որ մոռացութեան մատնէ մեր հերոս նահատակներու փառքի ուղին, որ ջնջէ մեր պատմութիւնն ու յիշողութիւնը»,- լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան իր կարգին յայտնած է. «ՀՀ իշխանութիւնները չեն կրնար փակել Արցախի էջը, ես կը հաւատամ ժողովուրդի ուժին, տակաւին շատ նուաճումներ կ’ունենանք»:
Եռաբլուր այցելած էին նաեւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի թեմի առաջնորդը, ԱՀ Ազգային Ժողովի (ԱԺ) նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, Արցախի ԱԺ պատգամաւորներ եւ քաղաքական գործիչներ: