Սուրիոյ նախագահ Ահմատ աշ-Շարաա Հալէպ այցելեց։ Նախագահը նահանգապետարանէն ներս նախ հանդիպում ունեցաւ Հալէպի նահանգապետ Ազզամ ալ-Ղարիպի հետ, ապա նաեւ ապահովական պատասխանատուներու հետ՝ խորհրդակցելու նահանգի ընդհ. վիճակին եւ ապահովութեան շուրջ։

Նախագահը այնուհետեւ հանդիպում ունեցաւ խումբ մը առեւտրականներու եւ արտադրողներու հետ՝ քննելու նահանգի տնտեսական կեանքը եւ անոր զարգացման անհրաժեշտ պահանջները։