Դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան 24 Սեպտեմբերին հրապարակեց Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Միքայէլ Արք. Աջապահեանի գործով վճիռը, որով Աջապահեանը մեղաւոր ճանչցուեցաւ:
«Հետեւութիւնը այն է, որ Միքայէլ Աջապահեան պէտք է մեղաւոր ճանչնալ Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգիրքի թիւ 422 յօդուածի 2-րդ մասով առաջադրուած մեղադրանքով: Վճիռով խափանման միջոցը ձգուած է անփոփոխ` իր սահմանափակումներով», յայտարարեց դատաւորը:
29 Սեպտեմբերի ժամը 15:30-ին լրացուցիչ դատալսումներ տեղի պիտի ունենան։
Միքայէլ սրբազանի փաստաբանը լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք որոշումը պիտի բողոքարկեն. «Այդ չի քննարկուիր: Յաջորդ նիստին, բնականաբար, մեր պաշտպանական խումբը պիտի որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ այդ միջնորդութիւններուն գծով:
«Այս պայմաններուն մէջ, երբ ակնյայտ անմեղ մարդը մեղաւոր կը ճանչնան, կարելի չէ այստեղ սպասել արդարադատութիւն այն դատաւորէն: Երբ դատաւորը սկսաւ խօսիլ իր երերուն ձայնով, ակնյայտ էր, որ արդէն այդ մեղադրական վճիռը պիտի գոյացնէ», յայտարարեց փաստաբանը: