«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին (ԵԽԽՎի) մէջ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան անդամ Արմէն Գէորգեան ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստին ընթացքին դիտել տուաւ, որ հայութենէն կը խնդրուի հաւատալ, թէ Ուաշինկթընի յայտարարութիւններէն ետք խաղաղութիւնը արդէն հաստատուած է:

«Ուաշինկթընեան խաղաղութիւնը» հակամարտութեան աւարտը չէ, այլ տարածաշրջանային անորոշութեան նոր փուլի սկիզբ», շեշտեց Գէորգեան՝ արտասանելով հետեւեալ խօսքը. «Հայաստան կրկին յայտնուած է այնպիսի իրավիճակի մէջ, ուր աշխարհաքաղաքական իր օրակարգը կը թելադրուի: Թրքական վտանգները չէզոքացնելու ջանքերը` անտեսելով պատմականօրէն խորունկ աշխարհաքաղաքական այլ շահեր, ոչ թէ կայունութիւն կը ստեղծեն, այլ բախումի նոր գիծեր կը յառաջացնեն»: