Համաշխարհային ներկայ իրավիճակին մէջ, երբ աշխարհով մէկ կեանքը թեւերը տարածած արագօրէն կը սուրայ՝ առանց սպասելու ոչ ոքի, մարդիկ իրենց ունեցած կարողութիւնը ամբողջութեամբ ի գործ դրած
կը փորձեն քայլ պահել զարգացման այս արագ ընթացքին հետ:
Նման պայմաններու մէջ երբ կը դիտենք մեր կեանքը, ի մասնաւորի վերջին հինգ-վեց տարիներուն, շատ յստակ փոփոխութիւն մը կը տեսնենք երկու մեծ փուլերու միջեւ, որոնք բոլորիս ծանօթ նախաքովիտեան եւ յետքովիտեան փուլերն են: Այլեւս շատերուս համար նախաքովիտեան կեանքը շատ հեռու եւ բնականաբար աւելի բաղձալի է, քան յետքովիտեան արագընթաց վազքը:
Ի մտի ունենալով հանգրուանային այս փոփոխութիւնները, այս գրութեամբ պիտի կեդրոնանամ Հալէպ կատարած այցելութեանս վրայ՝ վեց տարիներու բացակայութենէ ետք:
Խանդավառութիւնս մեծ էր տեսնելու ծննդավայրս, վայելելու Հալէպի համն ու հոտը: Հաւանաբար ընթերցողը հարց տայ, թէ Հալէպի ի՞նչը մնացած է վայելելու, աւերակ դարձած շրջաննե՞րը, թէ իւրաքանչիւր քայլափոխի տեսնուող «սեւազգեստ» մարդիկը: Հաւանաբար մասամբ մը իրաւունք ունին, երբ այնտեղ կ’ապրին եւ ամէն օր պարտականութեան պէս կը հանդիպին նոյն դէմքերուն, սակայն դուրսը ապրող հայրենակիցի մը ապրած կարօտը չ’արտօներ տեսնել այդ արտառոց երեւոյթները:
Վերեւ նշուած հանգրուանային փոփոխութիւնները կարելի է շատ յստակ կերպով տեսնել Սուրիոյ ժողովուրդին մօտ եւս, որովհետեւ անոնք վերջին շրջանին սկսան ապրիլ իշխանափոխութենէ առաջ եւ իշխանափոխութենէ ետք փուլերու տարուբերումին մէջ:
Առ այդ, այս այցելութեանս ընթացքին, ուշադրութիւնս գրաւեց ժողովուրդին պարզութիւնը, համախումբ կեանքը, մանաւանդ, երբ հազիւ ինքնաշարժէն իջած մեր շէնքին ներքեւ տեսայ հայ երիտասարդներու խումբ մը հաւաքուած՝ իրարու հետ անցընելու իրենց օրուան վերջին ժամերը: Հաճելի էր զանոնք տեսնել ամէն օր, թէկուզ միայն բարեւ մը տալով ու անցնելով, բայց երբ պատահէր, որ օր մը բացակայէին, անմիջապէս կը մտածէի արդեօք ի՞նչ եղած է. ոչ թէ որովհետեւ անապահով կը զգայի, այլ զիրենք տեսնելով կը զգայի, որ հայկական թաղամասի մէջ կը գտնուիմ:
Չեմ կրնար չյիշել այն փաստը, որ պատահեցան օրեր, երբ գիշերը յոգնած տուն վերադարձիս դանդաղեցայ տուն բարձրանալու, պարզապէս որպէսզի կարենամ այդ մտերմիկ մթնոլորտը վայելել հայ երիտասարդներուն հետ: Շատերուն նոր ծանօթացայ, սակայն այնքան հարազատ էին, որ արագ կերպով մտերմացայ անոնց հետ: Հաճելի ու անմոռանալի պահեր էին, խօսեցանք ու խնդացինք միասին, պատմութիւններ լսեցինք ու պատմեցինք, վերջապէս, անոնցմէ շատերուն հետ լաւ օրեր ու յիշատակներ ունեցած էի անցեալին, կարելի չէր բարեւով մը անցնիլ անոնց մօտէն:
Դուրսը գտնուող ընկերներս յաճախ կատակելով զիս «մխթար»
կը կանչէին՝ շատ մարդ ճանչնալուս եւ մարդոց մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալուս համար: Վստահ չէի, թէ ուրկէ՞ էր զիրար ճանչնալու այդ սովորութեան արմատը, մինչեւ վերջին այս այցելութիւնս: Հալէպի մէջ հայութեան համախումբ կեանքը պատճառ դարձած է, որ բառին ամբողջական իմաստով «ամէն մարդ ամէն մարդու ճանչնայ»: Հետաքրքրական էր, որովհետեւ ուր որ երթայի, եթէ ինձմէ զատ երկու հայ իրարու հանդիպէին, անպայման պիտի բարեւէին եւ քանի մը խօսք փոխանակէին: Գաղութի գեղեցիկ յատկութիւններէն մէկն է ասիկա:
Հալէպ ապրողը լաւ գիտէ, որ քաղաքի զբօսավայրերը հազուագիւտ են դուրսէն եկողի մը համար, սակայն այցելութեան վայրերը եւ անձերը՝ բազմաթիւ, մանաւանդ տարիներ բացակայած անձի մը համար:
Բնականաբար առաջին եւ կարեւոր հանդիպումներէս մէկը եղաւ առաջնորդ սրբազան հօր՝ ստանալու համար անոր ողջոյնը: Օգտաշատ հանդիպում մըն էր՝ տեսնելով եւ զգալով սրբազանին ցուցաբերած հայրական հոգատարութիւնը գաղութին, ինչպէս նաեւ լսելու անոր յորդորներն ու խրատները:
Ինչ կը վերաբերի բարեկամներու եւ ծանօթներու հետ ունեցած հանդիպումներուս, շատ հետաքրքրական էր լսել իւրաքանչիւրին կարծիքը, իւրաքանչիւրին մօտեցումը եւ որդեգրած կերպը՝ ստեղծելու համար իրեն յարմար կեանք մը:
Գաղութի զաւակ ըլլալով, միշտ ալ Հալէպի հայութիւնը տեսած էի իբրեւ աշխոյժ եւ գործունեայ՝ մօտիկ ազգային եւ եկեղեցական կառոյցներուն ու սովորութիւններուն: Անկարելի է անտեսել ժողովուրդին ունեցած յարգանքը, կապուածութիւնը եւ նուիրուածութիւնը:
Եկեղեցական արարողութիւններուն՝ յատկապէս պատարագներուն անդրադառնալով պէտք է ընդգծել որ այնտեղ ժողովուրդին ներկայութիւնը, ինչու չէ նաեւ մասնակցութիւնը խօսուն վկայութիւններ էին, մանաւանդ որ կիրակիներէն մէկը կը զուգադիպէր խաղողօրհնէքի արարողութեան: Մինչեւ օրս ալ, ակամայ ժպիտ մը կը գծուի դէմքիս վրայ՝ յիշելով ժողովրդային մասնակցութեան այն պատկերը, որ վստահ եմ երկար ժամանակ պիտի մնայ տպաւորութիւններուս առաջնային մէկ տեղը:
Չեմ կրնար մոռնալ նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան ընթացքին ունեցած ապրումներս: Իւրաքանչիւր անկիւն եւ քայլափոխ բազմաթիւ յուշեր արթնցուցին յիշողութեանս մէջ եւ ակամայ ժպտեցայ ու յուզուեցայ՝ ինքզինքս պատկերացնելով անոր կամարներուն տակ աղօթող տակաւին փոքրիկ մանչուկ մը:
Աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու մասին խօսելով, անոնց հանդէպ ունեցած կապուածութիւնը առաւել չափով զգալի էր Քեսապի հայութեան մօտ: Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը աւանդաբար մեծ տօնախմբութեան առիթ մըն է քեսապահայութեան համար։ Այս տարի բախտը ունեցայ վայելելու այդ մթնոլորտը: Դժբախտաբար աղէտալի հրդեհի մը հետեւանքով չկատարուեցան բոլոր ծրագիրները, սակայն միասնական ոգին դէմ դրաւ տագնապին եւ կարելի եղաւ պատշաճ ու կոկիկ ձեւով կատարել տօնախմբութիւնը: Տօնախմբութիւն մը, որ յիշողութեանս մէջ իր տեղը ունեցաւ իր հայկականութեամբ, իր ճոխութեամբ եւ քեսապցիներու յատուկ պահպանողականութեամբ:
Երբեմն շատեր պահպանողականութիւնը կրնան հինին եւ անցեալին կառչածութիւն նկատելով գէշ տպաւորութեան տակ մնալ եւ օտար սովորութիւններուն աւելի տեղ տալ, սակայն եթէ Քեսապ այցելեն, պիտի զգան աւանդութիւն պահելու անուշութիւնը, թէ ինչպէ՛ս ամբողջ ժողովուրդը մինչեւ առաւօտեան ժամեր մատաղի պատրաստութեան կողքին կ’երգէր, կը պարէր եւ մշակոյթ ու աւանդութիւն, հայու ինքնութիւն կը պահպանէր:
Շատ ուրախալի այլ տպաւորութիւն մը եւս ունեցայ այնտեղ: Իւրաքանչիւր անգամ, երբ ճամբայ կ’իջնէի, կը վայելէի գիւղական մաքուր օդը, բայց ամէնէն կարեւորը կը լսէի միմիայն հայերէն, բան մը, որ շատ դժուար է գտնել Հայաստանէ դուրս այլուր: Հայկական Քեսապը կարելի չէ յիշել հայկականութենէ զուրկ իր դիմագիծով:
Այցելութիւններուս ծիրին մէջ կարելի չէ մոռնալ «Գանձասար»-ի խմբագրատուն եւ «Ռատիո Երազ»-ի աշխատատեղի կատարած այցելութիւններս: Զոյգ կեդրոններ, որոնք իրենց խմբագիրին եւ վարիչ պատասխանատուին ցուցմունքներով եւ աշխատակազմին զոհողութեամբ դարձած են այնտեղ գտնուող հայութեան գրաւոր եւ բանաւոր ձայնը: Նուիրեալ երիտասարդներով լեցուն երկու կեդրոնները խանդավառ եւ աշխոյժ մթնոլորտով կը գործեն, որովհետեւ երիտասարդները շատ անգամ նոյնիսկ իրենց հանգիստը կը զոհեն՝ գործը կատարեալ կերպով աւարտին հասցնելու համար:
Սուրիոյ բնակչութեան դիմագրաւած ծանր օրերուն մեծապէս զգալի եւ անհրաժեշտ էր բարեսիրական հաստատութիւններուն ունեցած դերակատարութիւնը: Նիւթական եւ սննդային օժանդակութիւններ կատարող հաստատութիւններու կողքին, վերջերս ուշադրութիւնս գրաւած էր հոգեւոր բնոյթի կազմակերպութիւն մը, որ շատ մը կազմակերպութիւններու կողքին կը տրամադրէր նաեւ գործնական հոգեւոր դաստիարակութիւն՝ վարժողական դասընթացքներ ու աշխատանոցներ (workshop) կազմակերպելով եւ իր շուրջ հաւաքելով հարիւրաւոր աշխոյժ երիտասարդներ: Այս կազմակերպութիւնը կը կոչուէր «together»: Բախտաւորութիւն էր հանդիպիլ կազմակերպութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչին՝ անոր հետ ունենալու հաճելի ու բովանդակալից զրոյց մը:
Կեցութեանս վերջին օրերուն զուգադիպեցաւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտներու աւարտական հանդէսը: Եթէ իրապաշտ ըլլամ, սպասումներս մեծ չէին, բայց վստահ էի, որ լաւ պիտի անցնէր: Շատ կարօտցած էի Հալէպի աւանդական հանդէսները: Չեմ ստեր, եթէ ըսեմ, որ սպասածէս շատ աւելին էր, որովհետեւ հանդէսէ մը աւելի զայն կարելի էր նկատել գեղարուեստական բարձր մակարդակի ձեռնարկ մը: Իւրաքանչիւր խօսք, արտասանութիւն, երգ ու նուագ խոր ազդեցութիւն թողուցին վրաս:
Շրջանաւարտներու ներկայացումներուն մէջ կը զգացուէր անոնց յուզմունքը, որովհետեւ անոնք կը գրէին քաղցր յիշատակներով լեցուն ամբողջ գիրքի մը վերջին տողերը: Հանդէսներու սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր սերունդ կը կոչուէր պատմական, ազգային կամ գաղութային կեանքին մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցած անձնաւորութեան մը անունով: Այս տարի՝ «Թելլո Փափազեան Սերունդ»: Անունը ինքնին յուզում յառաջացնող ու ցնցող է՝ առանց բառ մ’իսկ արտասանելու, որովհետեւ իւրաքանչիւր ճեմարանցի՝ ըլլայ աշակերտ կամ շրջանաւարտ, դպրոցի իւրաքանչիւր քար ու անկիւն յիշատակ մը ունի օրիորդ Թելլոյէն մնացած: Անձնապէս զայն չէի ճանչցած, բայց ընտանիքիս անդամներէն եւ բազմաթիւ ուրիշներէ այնքան լսած էի օրիորդ Թելլո անունը եւ անոր մասին բազմաթիւ լաւ վկայութիւններ, որ կարելի չեղաւ արցունքներս զսպել, երբ հնչեց անոր անունը:
Կարօտալի եւ քաղցր յիշատակներ վերապրեցնող հանդէսէն դուրս եկայ ամբողջապէս գոհացած եւ թարմացած, սակայն առաւել եւս խորացած կարօտի զգացումներով:
Այլապէս, անհատներու եւ բարեկամներու հետ ունեցած տեսակցութիւններս կը կրէին փորձառութիւններու փոխանակման բնոյթ: Քիչ մը աւելի աւագ սերունդի մարդոց հետ հանդիպումները կեանքի դասեր քաղելու եւ փորձառութիւններէ օգտուելու առիթներ էին. մարդիկ, որոնք իրենց անցած ճամբուն ինչ որ սորված էին՝ կ’ուզէին բաժնեկցիլ:
Իրապէս, որ ուրիշ էր զգացումը, երբ ամէն օրուան նոյն թաղերէն անցած ատեն ծանօթներ կը տեսնէի ու կը բարեւէի: Առիթով մը հանդիպեցայ հալէպահայերուն ծանօթ՝ «Սրբանկար ծախողին». պահ մը կարծէք անջատուեցայ եւ տարինե՜ր ետեւ գացի՝ յիշելով նոյն անձը՝ քիչ մը աւելի երիտասարդ, բայց միշտ համեստ քալուածքով: Յիշողութեան վերաթարմացում մը ունեցայ նաեւ, երբ կ’անցնէի Զուարթնոց եկեղեցւոյ դիմացէն՝ տեսնելով հեծանիւի վրայ թաշկինակ ծախող մարդը՝ իրեն յատուկ ձայնով «մահարէմ, մահարէմ» պոռալով: Յիշողութեամբս ետեւ երթալով մտաբերեցի այն օրերը, երբ ինը-տասը տարեկան հասակիս՝ ամառնային արձակուրդներս կ’անցընէի քեռիիս խանութը աշխատելով եւ ամէն օր հեծանիւի վրայ թաշկինակ ծախող մարդը տեսնելով:
Վեց տարուան բացակայութիւնս եւ ունեցած կարօտս մտադրած էի տասը օրով առնել, սակայն չկրցայ երեք շաբաթէն առաջ բաժնուիլ ծննդավայրէս: Ճիշդ է, որ զբօսավայր մը չէ Հալէպը, բայց միշտ ալ
կը փափաքիմ այցելել՝ վերաթարմացնելու քաղցր յուշերը եւ նորերը աւելցնելով հեռանալու՝ դարձեալ գալու մտադրութեամբ: Մինչ նոր հանդիպում, սիրելի՛ Հալէպ:
Գրիգոր Արապաթլեան