Ղեւոնդը անցած էր քառասունը։ Ամուրի մըն էր՝ թախիծով շաղախուած, մարող աչքերով ու ժպիտ մը, որ շատոնց լուռ նստած էր շրթներուն ծալքին։
Տարիներ առաջ կիսատ ձգած էր ուսումը։ Հօր մահէն ետք ստանձնած էր արհեստանոցը՝ լուսանկարչական ժառանգութիւնը, զոր ամբողջ թաղը ճանչցած էր իբր լոյսի վայր մը։
Հօր անունը՝ Ուստա Օհան, պատկառանք կը յառաջացնէր։ Անոր նկարները՝ սեւ ու սպիտակ, ունէին նայուածք մը, որ կ’անցնէր դէմքէն անդին։ Ան լուսանկար չէր միայն։ Ան կը յայտնէր հոգին։
Ղեւոնդը կը յիշէր այդ օրերը՝ լեցուն սթուտիոյի բոյրը, հին թուղթերուն հաճելի աղմուկը, լուսամեքենային սահուն ճռինչը։
Լուսանկարիչ ըլլալը՝ գործ չէր, վկայութիւն մըն էր։
– Gone with the wind…,- կը մրմնջէր երբեմն ինքն իր մէջ՝ անգիտակցաբար թարգմանելով կորսուած ժամանակը։
Ներկան ուրիշ էր։
Իւրաքանչիւր ոք հեռաձայնով մը գրպանին մէջ՝ լուսանկարիչ դարձած էր։
– Ո՞ւր է լոյսը… ո՞ւր է շունչը…,- կը կրկնէր ինքն իրեն։
Խանութը՝ հին, խունացած, մոռցուած յուշատետրակ մը: Պարտքերը՝ շատ։ Յաճախորդները՝ քիչ։
Ղեւոնդը չէր մրցեր։ Գիներ չէր իջեցներ։ Մրցակիցներուն հետ չէր խաղար։ Իր լուսանկարները ապրիլ կ’ուզէին, ոչ վաճառուիլ։
Սակայն սեղանին վրայ կար մէկ բան, զոր բոլորն աչք ունեցած էին։
Լուսամեքենան։
Ծանր էր։ Հին էր։ Բայց եզակի։
Ղեւոնդը կ’ըսէր՝ «Հօր աչքերուն լոյսը…»։
Շատեր փորձած էին գնել։ Ոմանք լաւ գին առաջարկած էին, ուրիշներ՝ շռայլ խոստումներ։
Երեկոյ մը երկար նստեցաւ դիմացը։ Մարմինին մէջ բան մը կը կծկուէր։
Լուսամեքենան՝ կարծես կենդանի։ Չէր կրնար զայն դնել «վաճառուող իրերու» շարքին։
Անոր մէջ կը ննջէին հօր ձեռքերը, ժապաւէնի վրայ սահող պահերը ու լոյսի պէս մաքրուած արժանապատուութիւնը։
Բայց պարտքը՝ մետաղ մըն էր կոկորդին։
Եւ այդ գիշեր, լուռ, առանց մէկ բառի, ծախեց։
Ճամբայ ելաւ օտարի պայուսակին մէջ, առանց վերադարձի շողքի։
Ղեւոնդը կանգնած մնաց, մատներուն մէջ ոլորելով հին ժապաւէն մը։
Մէկ կողմը՝ մտածումները, միւս կողմը՝ հօր շուքը։ Չէր համարձակեր գերեզման երթալ։ Ի՞նչ ըսէր հօրը… «Լոյսը ծախեցի՞… »։
Հողը տակէն կը փախչէր, բայց ինք՝ նստած էր, ակռաները սեղմած։ Շարժում չկար։ Խօսք չկար։
Բայց մէկ բան հաստատ էր՝ լուսամեքենային մէջ կ’ապրէր յիշողութիւնը, եւ ինք տակաւին լոյսի մարդն էր, թէեւ՝ կոյր քաղաքին մէջ։
Սարգիս Քէլ Խաչերեան