Հայ ժողովուրդը պատմական բոլոր շրջաններուն, մերթ ընդ մերթ կայք հաստատած է «Պիլատ աշ-Շամ»-ի տարածքին, սակայն 301 թուականին քրիստոնէութիւնը որպէս ազգային կրօնք ընդունելէ ետք, յաճախակիօրէն այցելած է սուրիական տարածքներ, որպէս ուխտաւոր՝ զանազան ուղղութիւններ բռնելու: Այս առիթով վիմափոր քար մը գտնուած է Երուսաղէմ, որ կը հաստատէ, թէ 804 թուականին խումբ մը հայ ուխտաւորներ Երուսաղէմ հասած են Միջերկրական ծովէն նաւարկելով: Վերջապէս աւելի ու աւելի սովորական դարձած էր հայ ուխտաւորներու ցամաքային ճամբով ուղեւորութիւնը դէպի Երուսաղէմ, նախընտրաբար ծովեզերեայ կամ Սուրիոյ արեւմտեան քաղաքներէն անցնելով։ Հալէպ Սուրիոյ արեւմտեան մեծագոյն քաղաքներէն էր եւ որպէս Երուսաղէմի դարպաս հոն կազմուած էր նպաստաւոր հայկական գաղութ մը։ Այս առիթով Հալէպի մէջ Հայկական եկեղեցւոյ առաջին յիշատակութիւնը
կը հասնի 1329 թուականէն՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցոյ մասին՝ Սալիպէ, որ վերանորոգուած է 1535-ին խոջա Մախսուղի ջանքերով:
Օսմանեան Կայսրութեան կազմուելէն ետք, ոչ-իսլամ բնակչութեան դասաւորման համար կը հաստատուի «Միլլեթ» եզրոյթը եւ կ’ընդունուին միայն երեք տեսակի միլլեթ՝ հայ – առաքելական համայնք, յոյն – ուղղափառ համայնք եւ հրէական համայնք:
Այսպէս, 1461-ին սուլթան Մեհմետ II-ի ֆարամանով կը հաստատուի Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ որպէս համայնքապետ
կը հրաւիրուի Պուրսայի Յովակիմ եպիսկոպոսը, որպէս առաջին պատրիարք Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան (աղբիւր Մ. Չամիչեան)։ Անոր առաջին աթոռանիստ նստավայրը կ’ըլլայ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, իսկ 1641-ին կը փոխադրուի Գումգափուի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Այս դասաւորումով Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան վերահսկողութեան ենթակայ էին Կիլիկիոյ Սիսի եւ Աղթամարի զոյգ կաթողիկոսութիւնները իրենց թեմերով, Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը իր 50 թեմական շրջաններով, որպէս հայկական միլլեթի բաղադրիչներ:
Հայ խոջաները շուտով կ’անդրադառնան  Պիլատ աշ-Շամի նպաստաւոր դիրքին, հոն գործող աւելի բարենպաստ պայմաններուն եւ վերահաստատուելով Հալէպ, զայն կը դարձնեն վաճառականական միջազգային շահաստան մը եւ բարգաւաճ «պանտար» մը։ Նոր Ջուղայի մէջ գործող խոջաները կամ Կ. Պոլսոյ ամիրաները Հալէպի մէջ կը կոչուին չէլէպիներ։ Անոնք կ’ըլլան առեւտուրի «շահպանտար»-ներ, ազնուականօրէն եւ հզօրութեամբ կ’իշխեն Հալէպի տնտեսութեան, կեդրոնանալով մետաքսի վաճառականութեան, առ ու ծախին վրայ, զբաղեցնելով օսմանեան եւ հայկական հաստատութիւնները։ Որպէս օրինակ յիշենք հալէպցի Մահտեսի Կիրակոսը, Չէլէպի Սանոսն ու եղբայրը Պետիկը.  վերջինը մետաքսի վաճառական, Հոլանտայի թագուհիի էմինը եւ Հալէպի, Թրիփոլիի, Ալեքսանտրեթի եւ Կարինի մաքսատան տեսուչը:
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մեծագոյն թեմը Հալէպի թեմն էր մինչեւ 17-րդ դար։ Տեղւոյն հայ համայնքի մեծամասնութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներէ կը բաղկանար: Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին առաջին անգամ յիշատակուած է 1476-ին, որպէս փոքր մատուռ, ապա ընդարձակուած է 1500 թ.-ին, եւ մատուռին կից կառուցուած են ուղեւոր առեւտրականներու հանգիստի սենեակներ եւ հոգեւորականներու ժամտեղեր (ինչ որ կը հաստատէ Հոգետան նպատակը), հալէպահայ երեւելի Ռայիս պարոն Իսայի ջանքերով։ Հետագային այնտեղ կը կազմուի Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.  Առաջնորդարանի շէնքը: Ապա պահպանելով նախկին փոքր մատուռն ու անոր կցորդ մասը, 1616-ին, Պետիկ եւ Սանոս Չէլէպիներ կը յաջողին Բարձր Դռնէն արտօնագիր ստանալ եւ իրենց միջոցներով կառուցել Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ ներկայ շէնքը, որ իր ներքին յարդարանքով նման էր Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց գեղակերտ տաճարին, կը բացակայէր միայն գմբեթը: Ժամանակ մը
Ս. Քառասնից Մանկանց սիւնազարդ տեղը եւ շրջակայքը որպէս Հոգետուն ծառայելէ ետք, 1624-ին կը կառուցուի Հալէպի պատմական հոգետունը, վայրը՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն 130 մ. Հիւսիս-արեւմուտք, Պաուապէթ Քասապի եւ Թիլէլի միջեւ, տեղադրումը N36՛ 12’25.1”. E37՛ 09’14.62”». նուիրատութեամբ Վանեցի խոջա Ղարիպջանի, ի յիշատակ իր եղբօր ու գերդաստանին: Վերջապէս Հալէպցի Չէլէպի Պետիկ եւ Սանոս եղբայրները Երուսաղէմի Պատրիարք Գրիգոր Պարոնտեր Գանձակեցիի օրով Ս. Յակոբեանց վանքին կը նուիրեն «մէկ աղէկ խան» հոգետունը: 1721-ին, նորոգութեան արձանագրութիւնը կը փաստէ, որ Հոգետունը Երուսաղէմապատկան դարձեր է, ապա նորոգուեր վերոյիշեալ պատրիարքի հովանաւորութեամբ:
Հոգետունը միշտ ալ գտնուած է խնամակալութեան ուշադրութեան ներքոյ, նորոգուած է կամ օժտուած նոր կառոյցներով շարունակաբար 1624, 1625, 1628, 1629, 1633, 1652, 1684, 1695,1726, 1736, 1759, 1765, 1834 թուականներուն։ Հոգետուներու կառոյցը եւ շարունակուող նորոգութիւններու աշխատանքը նպատակ ունեցած են ուխտաւորներու ճամբորդութիւնը դիւրացնել եւ պատրիարքարանին հասոյթ ապահովել:
Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ Առաջնորդարանը ժամանակ առ ժամանակ ծառայած են, որպէս Կիլիկիոյ (Սիսի) կաթողիկոսներու եւ Երուսաղէմի պատրիարքներու նստավայր: Նոյնպէս 17-րդ դարուն Սիսի կաթողիկոսութեան, ներքին անհամաձայնութիւններու եւ Հալէպի թեմի հակաթոռութեան խռովութիւններու պատճառով պարբերաբար Հալէպի թեմը պատկանած է Սիսի կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի պատրիարքութեան, փորձած է միջամտել Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը եւ վերջապէս պատկանած հայ կաթողիկէ համայնքին, որուն անդրադարձ՝ 1740 թուին Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցոյ մէջ կ’օծուի Աբրահամ Եպիսկոպոս Արծիւեան՝ Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան Առաջին կաթողիկոս – պատրիարք՝ Հռոմի Բենեդիկտոս XIV Պապի կողմէ։ Այսպիսով սկիզբ կը դրուի Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոսութեան:
Հայ եկեղեցւոյ ներքին խռովութիւնները պատճառ կը դառնան, որ Երուսաղէմի պատրիարքութեան աթոռը անուշադրութեան մատնուի եւ կորսնցնէ կալուածները ու պարտքեր կուտակէ, եւ միայն Տարօնի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Շիրվանցի / Շղթայակիր Երուսաղէմի Պատրիարք օծուելով կը կարողանայ շրջանցել այս տագնապը (1721-1726) եւ վերականգնել Պատրիարքութեան վաղեմի դիրքը։ Ան կը ձեռնարկէ զանազան հողատարածքներ գնել Երուսաղէմ, Դամասկոս, Պէյրութ եւ Լաթաքիա ու շինարարութեան զարկ տալով կը կառուցէ հոգետուներ, վանքեր եւ անոնց հասոյթով կը գոցէ պատրիարքարանի պարտքերը: 1755 թուին Մահտէսի Յակոբ Ամուճա կը կառուցէ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից հոգետուն մը, որ կը վերահսկուէր Երուսաղէմի պատրիարքութեան կողմէ: Կը կառուցուի Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ անոր կողքին գտնուող հոգետունը: Այսպէս Հալէպի հոգետունը կը մնայ հնագոյնը եւ առաջնեկը «Պիլատ աշ-Շամի» տարածքին գործող բոլոր հոգետուներուն։ Անոր տարածքը օրերուն հետ տարածուելով
կը հասնի մինչեւ 450 ք.մ.-ի եւ մինչեւ 19-րդ դարու աւարտը կը ծառայէ որպէս ուխտաւորներու իջեւան։ Ապա 1896-ի դէպքերէն ետք կը ծառայէ որպէս ապաստարան աղէտեալ եւ գաղթական ժողովուրդին։ Նոյնը
կը կատարուի նաեւ 1915-ին Մեծ Եղեռնի ժամանակ։ 1900-ին նորոգուած է հոգետան դարպասը:
Մինչեւ 1948 Հոգետունը կը գտնուէր Ս. Յակոբեանց վանքի անմիջական հսկողութեան տակ, որմէ ետք թոյլնալով, 1967-ին, վստահելի անձի կողմէ վարձակալութեան կը տրուի:
Որպէս ճարտարապետական կառոյց, մուտքը արեւմուտքէն՝ Թիլէլէն, ունեցած է բարձրադիր, երկաթեայ, միափեղկ դարպաս մը ներքին փոքր դռնակով, դարպասին կամարը պարուքի եւ ռոքոքոյի միացեալ ոճով զարդարուած է: Դռնէն ներս կ’երեւի կարճ նրբանցք մը եւ քանի մը սանդուխներ ու աջ եւ ձախ փոքր խուցեր, դէպի ընդարձակ բակ մը յատակը ճերմակ գեղազարդ սալակով:
Բակին տարածութիւնը 161 ք.մ. է, իսկ Հոգետան ընդհանուր տարածութիւնը 450 ք.մ. մէջտեղը գտնուած է բարեհամ ջրհոր մը՝ օժտուած ճախարակով եւ երկու թոյլերով։ Ջրհորը աւելցուած է 1721-ին: Բակին շրջապատը շինուած են կրկնայարկ եւ գեղեցիկ քարակերտ սենեակներ, 32 դուռով, վերնայարկի դահլիճները աւելի ընդարձակ եղած են: Իւրաքանչիւր դռան վրայ գտնուած են հայկական տառերով գրուած յիշատակարաններ, կառոյցը ունեցած է նաեւ ստորգետնեայ ընդարձակ տեղ։ 1930-ական թուականներուն, սենեակներու թիւը կը հաշուէր 23 փոխան 32-ի։ Ունեցած է նաեւ լիւան մը, որ ապագային իր տեղը զիջած է փուռին: Գտնուած է նաեւ փոքր երկաթեայ դուռ մը, որ կը բացուի դէպի Սալիպէ թաղամասը, իսկ դռան ձախին գտնուած են երկու փոքր խորոջներ, որոնց մէջ զետեղուած էր միոտանի քարէ մէկական գեղատեսիլ աւազան:
Վիմագրերը, որոնք կը կազմեն Հոգետան պատմական եւ ազգային արժէքները, այսօր գրեթէ անհետացած են, հազիւ թէ ճանչցուին, յղկուած են կամ սրբուած եւ բախտաւոր պարագային ցուցանակներու ետեւ պահուած:
Ա. Սիւրմէեան կրցած է ընդօրինակել եւ հրատարակել 21-ը առաջին անգամ:
Աւելի ուշ արձանագրուած են նաեւ 5 վիմագրեր. վիմագրերու բովանդակութիւնները յիշատակարաններ են: օրինակ՝
– «Զառաջնորդութբ. Սբ. Աթոռյն. Եմի. Գրգր. Արքեպկսի. Կամաւն այ. Շինեցաւ Հգտոնս. Սբ. Եմի., յշկ. Սբյն. Յկբյ. Եւ յշկ. Վանցի խճյ. Ղարիպջանին, որդոցն՝ Թումայջանին, Դիլանջին, եղբօրն՝ Յովասէփին, որդոցն՝ Ամիրխանին, Սարուխանին եւ թոռներից Դաւիթին, Սաքնարին, Մարիամին, Նազրին,Ղազրին, թ. ՌՀԳ»: Ան փորուած էր դեղնագոյն կարծր քարի վրայ, եւ դրուած Հոգետան հարաւարեւմտեան կողմը արձանագրութիւնը ներկայիս անհետացած է:
Յիշատակութիւնները ըրած են խոջաները ի յիշատակ իրենց, ընտանիքին եւ գերդաստանին, ողորմութիւն խնդրելով հանդիպողէն կամ յիշատակարանը կարդացողէն: Բոլոր յիշատակելիները հասած են Հալէպ՝ ուխտագնացութեան նպատակով, նոր Ջուղայէն, Մուշէն, Բաղէշէն, Ադաբաղէն, Աստապատէն, Թաւխաթէն եւ Զմիւռնէն: Կան նաեւ յիշատակարաններ` նորոգող կամ շինարար պատրիարքներու մասին: Հոգետան դարպասին վրայ, եղած է նաեւ երեք լեզուով արձանագրութիւն մը՝ (Հոգետուն – Hokedoun –   ):
20-րդ դարուն, Հոգետունը դադրած է այլեւս ուխտաւորներու իջեւան ծառայելէ։  Դարու առաջին կիսուն հոն պատսպարուած էին քանի մը հայ ընտանիքներ, աւելին՝ 1917-ին երբ թրքական զինուորական իշխանութեան կողմէ կը գրաւուի հալէպահայ աւետարանական համայնքի եկեղեցին, շրջան մը Հոգետան սենեակներէն մէկուն մէջ կը շարունակուին համայնքին հոգեւոր պաշտամունքները (Վեր. Յակոբ Գումրուեան): Հոն գտնուած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի ակումբը, «Քրիստափոր» գրադարանը, եւ հայկական տպարաններու ամբողջ խումբ մը, ինչպէս՝ «Արեւելք» օրաթերթի խմբագրատունը, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» պարբերաթերթի տպարանը, տպարան Արաքս, տպարան Տիգրիս, տպարան Ոսկետառ, որ ճանչցուած էր նաեւ տպարան Գօգօ, ան մինչեւ օրս կը տոկայ քայքայիչ պայմաններու դէմ՝ շնորհիւ ազգանուէր հայորդիներու, որոնք յաջորդաբար տէր կանգնած են տպարանին՝  Աւետիս Տէր Սահակեան, Գօգօ Պուրճըլեան, Գառնիկ Մանուշակեան, Յարութ Մինասեան, Խաչիկ Ճոզիկեան, Համբիկ Օտապաշեան,Վաչէ Գայթանճեան: Այս տպարաններու խումբը իր շուրջ բոլորած է նաեւ գրեթէ Հալէպի մէջ հիմնուած եւ գործած տարբեր ժամանակներու բոլոր հայ թերթերը, ինչպէս՝ «Մասիս», «Շիրազ», «Արեւելք», «Սեւան», «Հայ Ձայն», «Սուրիական Մամուլ», «Մարանաթա», «Արարա», «Անի» եւ ուրիշներ:
1948 թուականը, տարածաշրջանային պայմաններէն մեկնած, ճակատագրական  եւ քայքայիչ դեր մը ունեցաւ Հոգետան համար։ Այդ թուականէն սկսեալ փոշիանալ սկսաւ այս պատմական կոթողը, որուն առաջին զոհը եղաւ բակին ճերմակ գեղազարդ սալայատակը։ Անոր յաջորդեց երկու քարաշէն աւազաններու անհետացումը, ապա անհետացան՝ ջրհորը, փուռը, դարպասի գեղազարդ դուռը եւ վերջապէս վիմափոր արձանագրութիւններու շարքը, յղկուելով, սրբելով հայ ուխտաւորներուն յիշատակի ճիչը։ Հոգետունը վերածուեցաւ անորակ ապրանք կուտակած կրպակներու շուկայի մը: Այսօր այլեւս ոչինչ կը յիշեցնէ Հայ ուխտաւորին անցեալէն, պատմական Հոգետունէն, մնացած է միայն դարպասի քարաշէն կամարը:
Օրինակ մը հայապատկան դիմագիծ փոխող կալուածներէն, որ ոչ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը. միշտ ալ կրկնուած է ու պիտի կրկնուի այս երեւոյթը:
Աղբիւրներ:
-Հայկական Ճարտարապետութիւն Ուսումնասիրող Հիմնադրամի (RAA) Գիտական Խորհուրդի աշխատանքը:
-Պատմական Սիրիայի Հայերը Օսմանեան Շրջանում (16-18-րդ դարեր):  ՎԵՆԵՐԱ Ռ. ՄԱԿԱՐԵԱՆ «մատենադարան»:
-Գեղարդ, Սուրիահայ տարեգիրք, Հալէպ «Հոգետունը եւ յիշատակարան – արձանագրութիւնները» Հ. Պարիկեան
-Հալէպի Հոգետունը՝ Արք. Արտաւազդ Սիւրմէեան՝  Պատմութիւն Հալէպի Հայոց :
-Պատմութիւն Հալէպի քահանայից:
-Բազմավէպի զանազան թիւեր:
-Պատմութիւն Երուսաղէմի – Սաւալանեանց:
-Պատմութիւն Սուրիոյ Հայ Տպարաններու – Հայկ Պարիկեան:
-Յուշամատեան Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Մայր Եկեղեցւոյ, Հալէպ 2015։
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան