ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վոլթոնեն եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Հ. Սինիրլիօղլու ողջունեցին նախարարաց խորհուրդի որոշումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միացեալ դիմումէն ետք փակելու Մինսքի հոլովոյթն ու անոր առնչուած կառոյցները: Այս մասին հաղորդեց ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը:
«Կ’ուզեմ անգամ մը եւս փոխանցել իմ ջերմագին շնորհաւորութիւններս Հայաստանին ու Ատրպէյճանին խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ իրենց պատմական համաձայնութիւններուն եւ անոնց անյապաղ գործադրութիւնը սկսելու անոնց վճռական որոշումին համար: Առանց յապաղումի ընդառաջեցի անոնց միացեալ դիմումին, եւ կ’ուզեմ անկեղծ գնահատանքս յայտնել կողմերուն հոլովոյթին իրենց հոյակապ գործակցութեան համար: Կ’ուզեմ նաեւ գնահատել մասնակից պետութիւնները այս համախոհութեան գոյացման գծով իրենց գործակցութեան ոգիին համար», յայտնեց Վալթոնեն:
Սինիրլիօղլու իր կարգին ըսաւ. «Այս պատմական զարգացումը կ’ընդգծէ, թէ նոյնիսկ տագնապի ու անվստահութեան տասնամեակներէ ետք դիւանագիտութիւնը ի՛նչ կրնայ իրագործել: Անիկա կ’ապացուցէ, թէ համաձայնութիւնը կարելի կը մնայ, երբ կողմերուն միջեւ հասարակաց եզրեր գտնելու միացեալ վճռակամութիւն գոյութիւն ունի»:
ԵԱՀԿ-ի կայքը յայտնեց. «ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գրասենեակն ու ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատեցին իրենց աներեր յանձնառութիւնը աջակցելու ջանքերու, որոնք Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ ամբողջ շրջանին տեւական խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը բերեն»:
Ի պատասխան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն յայտնած են, թէ 1 Սեպտեմբերին ստացուած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարի նամակը, որով ան կը հաւաստէ, թէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի հոլովոյթի եւ առնչուող կառոյցներու լուծարման վերաբերեալ որոշման համար սահմանուած լռելեայն ընթացակարգը ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու կողմէ չէ խախտուած, եւ որոշումը 1 Սեպտեմբերէն կը նկատուի ընդունուած:
Այս մէկը կը յայտնէ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Պաքու նաեւ կ’ընդգծէ, թէ այդ որոշումով անվաւեր կը ճանչցուին ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ հայ-ատրպէյճանական տագնապին վերաբերող նախապէս որդեգրուած բոլոր փաստաթուղթերը: