Իսրայէլեան ուժեր խուժեցին Քնէյթրայի Ճապաթալ Խաշապ աւանի բնակարանները եւ ձերբակալեցին 7 քաղաքացի։
Անոնք 5 հրթիռ արձակեցին Քնէյթրայի հարաւային Պրէյքա աւանին մէջ գտնուուղ գիւղի մը ուղղութեամբ, ապա ներխուժեցին Թալ Քրումի շրջանը եւ յարակից ալ-Ասպահ գիւղը։
Իսրայէլ կը շարունակէ իր ոտնձգութիւնները սուրիական հողերուն վրայ, խախտելով 1974-ի զինադադարի համաձայնութիւնը, միջազգային օրէնքն ու պետութիւններու գերիշխանութեան առնչուող ՄԱԿ-ի որոշումները։