Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի խմբագրութիւնը գուժեց մահը «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ, գիրքերու հեղինակ, հայ ընթերցողին «Յուշատետր» սիւնակով տարիներ շարունակ իր մտքի նեկտարը եւ հայ համայնքի արժէքներն ու տագնապները ցոլացնող Ռոպէր Հատտէճեանի մահը։
Հատտէճեանի անկորնչելի վաստակը պիտի շարունակէ սնուցանել հայ մամուլի ու դպրութեան ծառայողները եւ լուսարձակի տակ պահել տարաբնոյթ պայմաններ յաղթահարած պոլսահայ կեանքը, մամուլն ու գրականութիւնը։
«Գանձասար»-ի ընտանիքը իր խորին վշտակցութիւնը կը յայտնէ «Մարմարա»-ի խմբագրակազմին ու հանգուցեալի հարազատներուն։