Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ կը դադարեցնեն Իսրայէլի հետ առեւտուրը Կազզայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակին եւ դրացի Սուրիոյ, Եմենին ու Լիբանանին ուղղուած Իսրայէլի վերջին հարուածներուն պատճառով, ինչպէս նաեւ կը փակեն երկրի օդային տարածքը իսրայէլական ինքնաթիռներուն, իսկ նաւահանգիստները՝ իսրայէլական նաւերուն համար:
Թուրքիոյ խորհրդարանը կոչ ուղղած է դադրեցնելու Իսրայէլի անդամակցութիւնը ՄԱԿ-ին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ դիմած է ամբողջ աշխարհի օրէնսդիր մարմիններուն՝ կոչ ուղղելով դադրեցնելու զինուորական եւ առեւտրային կապերը Իսրայէլի հետ:
Խորհրդարանի մէջ իր ելոյթի ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Իսրայէլի կառավարութիւնը որակած է «ռասիստական», իսկ Կազզայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնը անուանած է «ցեղասպանութիւն»: Հաքան Ֆիտան դատապարտած է նաեւ Իսրայէլի հարուածները Սուրիոյ: