ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը վերջնականապէս կը լուծարուի մինչեւ Դեկտեմբեր 2025, յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչը։

Ան յայտնած է, որ խօսքը կը վերաբերի երեք հիմնարկներու՝ Մինսքի խումբին, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի պաշտօնին եւ բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբի աշխատանքի դադրեցումին։ «Նկատի առնելով կողմերու դիրքորոշումը անոնք պահպանելու աննպատակայարմարութեան վերաբերեալ, մենք որեւէ պատճառ չենք տեսներ կանխելու անոնց լուծարումը», ըսած է դիւանագէտը։

Յիշենք, 8 Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստան ու Ատրպէյճան միատեղ դիմած են ԵԱՀԿ-ին Մինսքի խումբը լուծարելու նպատակով։