ՄԱԿ-ը Դամասկոսի միջազգային 62-րդ ցուցահանդէսին մասնակցեցաւ Սուրիոյ մէջ գործող 17 միջազգային իր կազմակերպութիւններով։

ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Թամիմ Ալիան ըսաւ, ՄԱԿ-ի մասնակցութիւնը երկար տարիներու բացակայութենէն ետք ողջունելի երեւոյթ է, աւելցնելով որ մասնակցութեան նպատակը ժողովուրդը ՄԱԿ-ի գործունէութիւններուն ծանօթացնելն ու զիրենք ՄԱԿ-ի հետ գործակցութեան մղելն է։