Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի
Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար
Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ս.
Աստուածածինի Վերափոխման տօնին
առիթով, Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2025-ի
առաւօտուն, Արամօ հայաբնակ գիւղի Ս.
Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ աւանդաբար
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ
մատուցուեցաւ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր
ներկայացուցիչն էր՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ.
Գալաճեան, ընկերակցութեամբ՝ Քեսապի
հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ.
Էօրտէքեանի։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց
Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր
հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ.
Քէօշկէրեան։
Լաթաքիոյ դպրաց դասի հոգեպարար
երգեցողութեամբ հաւատացեալները
հոգեպէս ներշնչուեցան։

Յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ.
Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Ան խրախուսեց
հաւատացեալները, դիտել տալով, որ
որպէս մէկ ընտանիք կարելի կ՚ըլլայ
յաղթահարել դժուարութիւնները, հայր
ունենալով՝ Տէր Աստուած եւ մայր
ունենալով՝ Աստուածամայրը։

Հայր սուրբը, Ս. Աստուածածինի
Վերափոխման տօնը լաւագոյն առիթը
համարեց էութեամբ վերափոխուելու,
վերափոխուած յոյսով՝ կեանքը ապրելու,
յառաջ երթալու եւ Աստուծոյ նուիրուելու։
Հայր սուրբը, Սրբազան Հօր հայրական
ողջոյնները փոխանցեց Արամոյի
ժողովուրդին։ Ան Սրբազան Հօր
գնահատանքը յայտնեց Արժ. Տ. Վազգէն
Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեանին եւ եկեղեցւոյ
վարչութեան՝ իրենց եկեղեցանուէր
ծառայութեան համար։

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ
շրջափակէն ներս աւանդական
մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք
կատարուեցաւ։