Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, Երեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Ուսումն. Միացեալ Ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի 17-րդ հունձքի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը։

Հանդէսին Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին հոգեշնորհ Տ. Արմէն աբղ. Գալաճեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հոգեշնորհ Տ. Եսայի վրդ. Էօրտէքեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հանդիսատեսներու հոծ բազմութիւն:

Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ճեմարանի քայլերգներով, որմէ ետք հանդիսատեսները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին բոլոր նահատակներուն յիշատակը։

Գեղարուեստական բաժինը պատրաստած էին երկրորդական բաժինի պատասխանատու, վաստակաշատ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի դոկտ. Շողեր Աշըգեան, միջնակարգի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Սօսի Կարճիկեան եւ միջնակարգի դաստիարակներ՝ Լուսին Քուրքճեան եւ Շողեր Մելքոնեան-Քահուէճեան։

Օրուան հանդիսավարն էր երկրորդականի պատասխանատու եւ երկար տարիներու անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի Նայիրի Կարճիկեան – Մելքոնեան։ Ան հանդիսութիւնը բաց յայտարարելէ ետք, հրաւիրեց ԺԲ. Կարգէն շրջանաւարտներ Մարիա Լնդեան եւ Պշարա Իլիաս՝ հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերը արտասանելու։ Անոնք ըսին, որ իրենց հոգիներէն պիտի չբաժնուի Ճեմարանի շունչը եւ որ պիտի մնան ազգային ջահը բարձր պահողները Քեսապի երկնակամարին տակ՝ զրահապատուած հայու բիւրեղ սկզբունքներով։
Հուսկ, իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն։

ԺԲ. Կարգի շրջանաւարտներուն կողմէ տեսերիզի ցուցադրութեամբ սկսաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն յաջորդեց Թ. կարգէն Բարտի Անտրեանի հայրենասիրական մեներգը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Թ. կարգի շրջանաւարտներուն ներկայացումը նուիրուած հայկական արժէքներու՝ քրիստոնէական հաւատքին, հայոց լեզուին եւ ազգային պատկանելիութեան պահպանման եւ զանոնք կիրարկելու խիստ անհրաժեշտութեան, ընթացքին Ալէքսի Իլիաս Յովհաննէս ասմունքեց Թումանեանի «Լուսաւորչի Կանթեղ»-ը, Նարէ Հայրապետեան՝ Ժագ Յակոբեանի «Մենք» ոտանաւորը, իսկ մեներգով հանդէս եկաւ Սոնա Անապէլ Փանոսեան։
Յայտագիրի այս բաժինը թագադրուեցաւ հայկական խմբային պարով։

ԺԲ. Կարգի շրջանաւարտները ներկայացուցին ամփոփումը իրենց կրթական ճանապարհին, անդրադառնալով դպրոցին, հայրենիքին եւ հայ մշակոյթին։ Անոնք այս նիւթերը շօշափող ուրուագծային 5 նշմար_պատկերներու ընդմէջէն արձագանգներ բերին սփիւռքահայ գրականութենէն՝ անոնց պատգամները պատշաճեցնելով հայ ազգի ներկայ իրականութեան եւ 2025 տարուան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի» հռչակման։

Հանդէս եկաւ նախ շրջանաւարտ Սերոբ Ղազարեան, որ արտասանեց «Ամէնուն Ուսուցիչը», ապա հեզաճկուն նազ պարով` Մէյրի Մէյխանաճեան, իսկ Մուշեղ Իշխանի «Հայաստան» ոտանաւորով՝ Ժոզէֆ Պէօճիեան։ Շրջանաւարտներուն կողմէ ուղերձ ընթերցեց՝ Մեղեդի Մելքոնեան։

Գեղարուեստական յայտագիրը աւարտին հասաւ «Վալս» պարով։

Ճեմարանի տնօրէն Վարուժան Փանոսեան ներկայացուց 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը եւ յայտարարեց, որ այս շրջանաւարտ սերունդը` Ճեմարանի 17-րդ հունձքն է, աւելցնելով, որ վարժարանի երկրորդ հարիւրամեակի առաջին այս սերունդը կը վկայուի «Քեսապի Տայի» անունով։ Մարդ, որ Ուսումնասիրաց վարժարանի հիմերը իր բահով առաջին բացողներէն մէկը եղած է։

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բարձրագոյն գնահատանիշեր ապահոված աշակերտներուն պարգեւատրումը։ Այսպէս՝
Է. կարգէն՝ Մեղրի Մալաթջալեան,
Ը. Կարգէն՝ Գառնի Գաթապեան,
Թ. Կարգէն՝ Սոնա Անապէլ Փանոսեան,
Ժ. Կարգէն՝ Գառնի Անտրեան,
ԺԱ. Կարգէն՝ Անէթ Պագլի եւ
ԺԲ. Կարգէն՝ Մեղեդի Մելքոնեան:

ՍՕ Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը վկայեալները եւ շրջանաւարտները պարգեւատրեց գնահատագրերով եւ նիւթական նուէրով։

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանէն ժամանած, «Քեսապի Տայի» Ովսիա Սաղտճեանի դուստրը` Մանուշ Սաղտճեան – Փանոսեան՝ իր սրտի խօսքը ուղղելու։
Ան յիշեց իր հօր յատկութիւնները եւ զոհողութիւնները յանուն Քեսապի, մատնանշելով, որ հայրը թէեւ առիթ չէ ունեցած դպրոց յաճախելու, հետեւաբար եղած է անուս, բայց միշտ քաջալերած է ուսումը եւ մեծ ներդրում ունեցած է Ուսումնասիրացի շէնքին կառուցման։

Ապա Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեանի եւ տնօրէնին ձեռամբ վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ։

Աւարտին, Սրբազան հայրը իր Հայրական պատգամը ուղղեց շրջանաւարտներուն։ Ան խրախուսեց զանոնք՝ իրենց վկայականները արժեւորած ըլլալու համար այն խորիմաստ արտայայտութիւններով, որոնք հնչեցին բեմին վրայ գեղեցիկ եւ լաւ կերպով պատրաստուած, հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագրին ընդմէջէն, ներհիւսուած՝ հայրենասիրութեամբ , ազգասիրութեամբ եւ Աստուածավախութեամբ։
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ ուսումը առանձին բաւարար չէ մարդակերտման համար, այլ կը պահանջուի Աստուածավախ ըլլալ, սիրել շուրջինները ու ծառայել անոնց, օրինակ առնելով Ովսիա Սաղտճեանի՝ «Տայի»-ի կեանքը, ընթացքը եւ գործունէութիւնը։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։