Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ պարուսոյցներու վերապատրաստութեան դասընթացը, որուն ընթացքին համազգայինի տարբեր շրջաններէ, նաեւ Սուրիայէն, հինգ երիտասարդ պարուսոյցներ ծանօթացան ազգային պարի հմտութիւններուն՝ նպատակ ունենալով ուսուցման ընթացքին ձեռք բերած գիտելիքները փոխանցել իրենց շրջաններու հայ երիտասարդներուն։
Դասընթացները կը վարէր հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պարարուեստի մանկավարժութեան ամպիոնի դասախօս, «Հայ աստղեր» պարային անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար Սուրէն Խաչատրեան։
22 Օգոստոս 2025-ին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ դասընթացին մասնակից երիտասարդներուն հետ կայացաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնց յանձնուեցան հաւաստագրեր:
Հանդիպման ներկայ էր Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան։ Ան Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորանքի խօսքը փոխանցելէ ետք շեշտեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը կարեւոր դեր ունի արուեստի միջոցով Սփիւռքի հայ երիտասարդներուն ինքնութեան պահպանման եւ ազգային մտածողութեան փոխանցման համար։ Ազգային պարը ոչ միայն մշակոյթ է, այլեւ՝ պատմութիւն, ազգային ժառանգութիւն, հայապահպանութեան գրաւական։
Երիտասարդները շնորհաւորեց նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը՝ կարեւորելով ոչ միայն ծրագրի նշանակութիւնը, այլեւ՝ շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը։
Պարուսոյց Սուրէն Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին եւ յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը կ’ունենայ շարունակութիւն: