Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2025-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Սուրբ եւ Անմահ հերթական Պատարագ մատուցեց Թարթուսի յոյն ուղղափառ «Մար Իլիաս» եկեղեցւոյ մէջ, թարթուսահայութեան ներկայութեամբ։
Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Թարթուսի դպրաց դասը։

Քահանայ Հայրը քարոզին մէջ պարզաբանեց Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին իմաստը, անդրադառնալով Աստուածամօր յատկութիւններուն եւ առաքելութեան։

Աւարտին, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։