Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաը ներկայացնող Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահութեան քարտուղար Մահէր աշ-Շարաա այցելեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ա. Իւհաննա Ժ. Եազիճի Պատրիարքին, մեկնելով սուրիական բոլոր մասնիկներուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնը ամրապնդելու նախանձախնդրութենէն։

Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Սուրիան պիտի վերակերտուի սուրիական ընկերութեան բոլոր մասնիկներուն միասնութեամբ։