ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն Սուէյտայի մէջ զինադադար յայտարարելու, քաղաքացիները պաշտպանելու եւ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու:

Խորհուրդը հաղորդագրութեամբ ողջունեց սուրիական կառավարութեան հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ ան խստիւ կը դատապարտէր բռնութեան երեւոյթները, կոչ ուղղելով միջազգային չափանիշերու համապատասխան, թափանցիկ եւ պարկեշտ հետաքննութիւն կատարելու Սուէտայի մէջ պատահած դէպքերուն շուրջ: