Քեսապի մեր թղթակիցը, յայտնեց, որ Էքիզօլուքի մէջ բռնկած հրդեհը հասած է Տիւզաղաճ։ Հրշէջ մեքենաներ հասած են, սակայն թիւով քիչ են։ Գիւղի երիտասարդները կ՚աշխատին շիջանել հրդեհը, որ դժբախտաբար կարգ մը գիւղացիներու պարտէզներ հասած է։