Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Աշ-Շայպանի պատուիրակութեամբ Թուրքիա այցելեց։ Անգարայի իր գործընկերոջ հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ անոնց միացեալ մամլոյ ասուլիսը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ասուլիսի ընթացքին հաստատեց, որ Սուրիոյ յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներու, այդ կարգին՝ Թուրքիոյ հետ, վերջին ամիսներուն որակական թռիչքներ արձանագրեցին, հակառակ անոր որ ոմանք անհանգստացան Սուրիոյ զարգացումէն եւ փորձեցին դաւեր հիւսել անոր դէմ։

«Մենք կ՚աշխատինք Սուրիոյ հետ՝ այս փուլին երկրին առջև ծառացած հարցերուն լուծումներ գտնելու համար, որպէսզի դաւադրութիւններէ զերծ մնայ երկիրը, իր զարգացման խոչընդոտները վերանան և բոլոր ոլորտները, յատկապէս՝ տնտեսութիւնը յառաջընթաց արձանագրեն ու փախստականներու վերադարձին համար յարմար մթնոլորտ ստեղծուի», ըսաւ Ֆիտան ու աւելցնելով նկատել տուաւ, որ «Իսրայէլ կը ջանայ թուլցնել Սուրիան և այնտեղ քաոսի մթնոլորտ ստեղծել, ինչ որ անընդունելի է և կ՚ազդէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն վրայ»:

Ապա յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚աջակցի Սուրիոյ անկախութեան, ինքնիշխանութեան և տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։

«Մենք կը հաւատանք, որ Սուրիա կրնայ իր դէմ ծառացած բոլոր հարցերուն արմատական լուծումներ գտնել, եթէ ուրիշներ չխառնուին իր ներքին գործերուն, յատկապէս անոնք, որոնք կը ջանան քաոս տարածել», ըսաւ Ֆիտան: Թուրք նախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը կը ձգտի ռազմավարական յարաբերութիւններ հաստատել Սուրիոյ հետ և կոչ կ՚ուղղէ բոլորին աջակցելու նոր Սուրիա կառուցելու սուրիական պետութեան այն ջանքերուն, որոնք պիտի ծառայեն սուրիացի ժողովուրդի բազմակողմանի շահերուն։

Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց. «Մենք կ՚աշխատինք երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ կայունութիւն հաստատելու եւ, հակառակ դժվարութիւններուն, նշանակալի ծառայութիւններ կը մատուցենք։ Ուստի, մեր ձեռքը կ՚երկարենք իւրաքանչիւր գործընկերութեան, որ կը յարգէ Սուրիոյ միասնութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»:

Անգարայի մէջ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած բանակցութիւններուն անդրադառնալով Շայպանի ընդգծեց, որ անոնք ներառած են Թուրքիոյ հետ քաղաքական գործակցութեան եւ ապահովութեան ամրապնդման միջոցներ: