Ուրբաթ, 8 Օգոստոս 2025-ին, Սուրիոյ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի միջնակարգի “պրովէի” պետական քննութիւններուն արդիւնքը, յայտարարելով որ յաջողութեան տոկոսը 49% է։
Սուրիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Մուհամմետ ապտուլ Ռահման Թրքո յայտնեց, որ 372.420 աշակերտ-աշակերտուհիներ արձանագրուած են այս տարեշրջանին, սակայն 356.193 աշակերտ-աշակերտուհիներ ներկայացած են քննութիւններու։
Ան աւելցուց, որ 121 աշակերտ- աշակերտուհիներ բարձրագոյն գնահատանիշը ապահոված են։
Յիշենք, որ քննութիւնները սկսած էին 21 Յունիս 2025-ին եւ աւարտած՝ 9 Յուլիս 2025-ին։