Սուէյտայի նահանգապետ դոկտ. Մուսթաֆա Պաքքուր յայտնեց, որ համապատասխան Նախարարութիւններու հետ հաղորդակցելով համաձայնութիւն գոյացած է Սուէյտայի ժողովուրդին հիմնական ծառայութիւնները հասանելի դարձնելու։
ՍԱՆԱ-ի համաձայն, սուրիական կառավարութիւնը մինչեւ օրս Սուէյտա ուղարկեց հազարաւոր թոն մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւններ, որոնք տրամադրուած էին Սուէյտայէն ներս կամ Տարաայի սահմանային կեդրոններուն մէջ տեղահանուածներուն։