Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Եարլի Քայեայի հետ:
Նախարարին ընկերակցեցան իր օգնականները՝ դոկտ. Մուհամմետ Ֆաթթուհ եւ Պասէմ ապտուլ Համիտ Մանսուր:
Կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրները հետաքրքրող զանազան հարցերու շուրջ, սերտեցին երկու նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան միջոցները, ապահովական համակարգման զարգացումը, սուրիական ապահովական հաստատութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը եւ այլն:
Խաթթապ անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի քաղաքացիներու իրավիճակին, կարեւոր համարելով գործակցութեան շարունակականութիւնը՝ անոնց ապահով տունդարձին համար:
Իր կարգին նախարար Քայեա «X» հարթակին վրայ յայտարարեց. «Սուրիական կողմին հետ խորհրդակցեցանք սուրիական եւ թրքական նախարարութիւններուն գործակցութեան միջոցներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցեցանք ապահովական ոլորտին, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան եւ անոր ենթակայ ապահովական համակարգներուն զօրակցելու միջոցներուն շուրջ»: