Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի բանագնաց Թոմ Պարաք յայտնեց, որ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը հաստատելու լաւագոյն միջոցը դիւանագիտութիւնն է, կոչ ուղղելով սուրիական բոլոր կողմերուն երկխօսութեամբ լուծելու հարցերը:
Պարաք շեշտեց, որ Սուէյտայի եւ Մունպուճի մէջ մտահոգիչ լարուածութիւն տեղի ունեցաւ, որուն մեղմացման համար հարկ է ի գործ դնել դիւանագիտութիւնը որպէս տագնապի հանգուցալուծման՝ միակ լուծում:
Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ ԱՄՆ իր ուրախութիւնը կը յայտնէ Սուէյտայի հարցերուն լուծման գծով Ֆրանսայի կողքին միջնորդ ըլլալուն համար:
Եզրափակելով ան ըսաւ. «Ապագան սուրիացիներուն է: Կոչ կ’ուղղենք երկխօսութեան դիմելու: Սուրիան եւ սուրիացի ժողովուրդը արժանի են խաղաղութեան մէջ ապրելու» :