Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն հաստատեց իր երկրի յանձնառութիւնը Սուրիոյ հետ երկու երկիրներու ժողովուրդներու շահերուն ծառայող բացառիկ յարաբերութիւններ մշակելու։ Լիբանանի բանակի օրուան նուիրուած իր ելոյթին ընթացքին նախագահ Աուն ըսաւ. «Լիբանան Սուրիոյ հետ պիտի գործակցի որպէս բնական եւ աշխարհագրական գործընկեր եւ որպէս տարածաշրջանի իւրաքանչիւր տագնապի լուծման սատարող երկիր»։
Աուն աւելցնելով ըսաւ. «Այս փուլը կը պահանջէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու վերանայում՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան եւ բարիդրացիութեան ու յարգանքի վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ իմաստութեամբ ու պատասխանատուութեամբ լուծել առկայ հարցերը։ Յաջորդ փուլը կը պահանջէ նաեւ գործնական քայլեր՝ Պէյրութի եւ Դամասկոսի միջեւ անվտանգութեան միջոցներու եւ տնտեսական գործակցութեան աշխուժացման համար, ներառեալ վերակառուցման, թմրանիւթերու դէմ պայքարի եւ առեւտուրի ու գիւղատնտեսական փոխանակման խթանման նպաստող գործակցութեան»։