Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի այսօր, բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ, պաշտօնական այցելութեամբ Մոսկուա ժամանեց։ Սուրիոյ նախկին իշխանութեան տապալումէն ետք, ասիկա սուրիացի նախարարի մը կողմէ առաջին այցելութիւնն է Ռուսիա։

Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, նախարար աշ-Շայպանի յայտնեց, որ Սուրիա նախկին վարչակարգի տապալումէն ի վեր իր դռները լայն բացած է աշխարհին դիմաց եւ կ՛ակնկալէ միջազգային յարաբերութիւններու հաստատում՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ համընդհանուր շահերու վրայ։

Նախարարը աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիա կ՛ակնկալէ Ռուսիոյ հետ լիարժէք համագործակցութիւն եւ ճիգերու համակարգում՝ իր անցումային արդարադատութեան գործընթացին աջակցելու՝ յարգելով մէկտեղ զոհերու արժանապատուութիւնը։ Շայպանի դիտել տուաւ, որ Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը ռազմավարական քայլ է, որ կը նպաստէ Սուրիոյ ապագայի կերտման, աւելցնելով. «Մենք կը գտնուինք վերակառուցման փուլի մէջ եւ կարիք ունինք բոլոր գործընկերներուն: Մենք կը ջանանք անցեալէն դասեր քաղել՝ ապագան կառուցելու համար: Այս առումով ստեղծած ենք յատուկ յանձնաժողով մը՝ վերանայելու Ռուսիոյ հետ նախկին համաձայնագրերուն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին շահերը իրականացած տեսնելու հեռանկարէն մեկնած»:

Իր կարգին Լաւրով յայտնեց. «Մենք անհամբեր կը սպասենք Դամասկոսի հետ երկխօսութեան աշխուժացման․ համաձայնեցանք համագործակցիլ՝ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար։ Ընդգծեցինք մեր յանձնառութիւնը Սուրիոյ միասնութիւնը պահպանելու եւ երկրի ինքնիշխանութեան ու անկախութեան սատարելու»։

Լաւրով ընդգծեց, որ Ռուսիա դէմ է որոշ ուժերու կողմէ Սուրիան ապակայունացնելու եւ այդ ճամբով հաշիւներ մաքրելու համար ասպարէզ օգտագործելու փորձերուն՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ կողմէ ձեռնարկուած եւ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի կողմէ յայտարարուած քայլերը պիտի ծառայեն երկրի դիմագրաւած ճգնաժամի յաղթահարման։

Լաւրով ըսաւ․ «Համաձայնեցանք վերաքննել Դամասկոսի հետ կնքուած բոլոր համաձայնագրերը եւ ընդգծեցինք Սուրիոյ նկատմամբ կիրարկուած բոլոր պատժամիջոցները անյապաղ չեղեալ համարելու անհրաժեշտութիւնը»։

Ապա եզրափակելով ըսաւ. «Կ՛աջակցինք երկիրը կայունութեան առաջնորդելու Սուրիոյ կառավարութեան ջանքերուն, յատկապէս՝ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք նախատեսուած են յառաջիկայ Սեպտեմբերին եւ պիտի ներկայացնեն սուրիացի ժողովուրդի բոլոր մասնիկները»։