Հաղորդակցութեան եւ Տեղեկատուական Ճարտարագիտութեան Նախարարութիւնը Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Սուրիա վերադարձած է համաշխարհային հեռահաղորդակցութեան համակարգ՝ տասը տարուան անջատումէն ետք։

Նախարարութիւնը իր թելեկրամեան էջով յայտնեց, որ հեռահաղորդակցութեան ոլորտին բաց ըլլալու եւ տարածաշրջանային գործակցութեան նպաստելու համար, այսօր Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ յայտարարուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան՝ GSMA-ի համաշխարհային բջջային կապի գործունէութեան ցանց վերադարձի մասին։ Ասիկա տեղի կ՛ունենայ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ աւելի քան տասը տարուան տեւողութեան սահմանուած պատժամիջոցներու չեղեալ համարման զուգահեռ։