Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի հաստատեց, որ միասնական Սուրիան պիտի ունենայ մէկ բանակ եւ մէկ դրօշ՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ ամէնօրեայ հաղորդակցութեան ճամբաները բաց են։

«Ալ Արապիա»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ապտի յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրը կը շեշտէ Սուրիոյ միասնութիւնը մէկ միասնական բանակի ներքեւ, ռազմական կեդրոնական հովանաւորութեամբ եւ մէկ դրօշով։ Ան ընդգծեց նաեւ երկրի ինքնիշխանութեան կեդրոնական կառոյցներուն մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ պահպանուելու կարեւորութիւնը։

Ապտի աւելցնելով ըսաւ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու համարկումը սուրիական բանակին մէջ ժամանակ եւ սահմանադրական երաշխիքներ կը պահանջէ։ Ապա նշեց․ «100․000 զինեալ մարտիկներու Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ համարկումը լուրջ գործընթաց է, որ կը պահանջէ խոր ուսումնասիրութիւն։ Հետեւաբար, սուրիական բանակին մէջ համարկումի մեքանիզմը պիտի քննարկուի Փարիզի յառաջիկայ հանդիպումին ընթացքին»։

Հրամանատար Մազլում Ապտի Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպումը դրական համարեց եւ բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ դրական դերը՝ յատկապէս Սուրիոյ դէմ սահմանուած արեւմտեան երկիրներու պատժամիջոցներու չեղարկման գծով։