Ատրպէյճանի պետական քարիւղային ընկերութեան (SOCAR) եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ ստորագրուած է ելեկտրական կենսուժի համագործակցութեան մասին փոխըմբռնումի յուշագիր։

Ըստ այդ յուշագիրին, կը նախատեսուի 1 Օգոստոս 2025-էն սկսեալ ատրպէյճանական կազը Թուրքիոյ տարածքէն մատակարարել Սուրիոյ։

«Էրմէնիհանէր»-ը վկայակոչելով star լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ սկզբնական շրջանին տարեկան պիտի մատակակարուի 1, 2 մլր. խմ. կազ Հալէպ եւ Հոմս քաղաքներուն մէջ տեղակայուած ելեկտրակայաններուն` ելեկտրականութիւն արտադրելու համար։

Աղբիւրին համաձայն, թրքական կողմէն խողովակաշարը կ’երկարի Քիլիս քաղաքէն մինչեւ սուրիական սահման, իսկ սուրիական կողմէն կազատարի ճարտարագիտական միացումները աւարտած են: Վերջնական փորձարկումներ եւ ստուգումներ պիտի կատարուին 1 Օգոստոսին կազամատակարարումը սկսելու համար։
Բացի անկէ նշուած է, որ Ատրպէյճան 400-էն մինչեւ 600 մլն. տոլարի նախնական ներդրումով ճարտարագիտական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Սուրիոյ ելեկտրական ենթակառոյցներու արդիականացման համար։