Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու բարձրագոյն յանձնաժողովի նախագահ Մուհամմետ Թահա ալ-Ահմատ հաստատեց, որ ժամանակաւոր ընտրական համակարգի մասին հրամանագիրի ստորագրութենէն ետք, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ մէկ շաբաթ՝ ենթայանձնախումբեր ընտրելու, ապա 15 օր՝ ընտրական մարմիններ յառաջացնելու, երեք օր թեկնածուներու համար դռներ բանալու, առաւել մէկ շաբաթ՝ ընտրարշաւի եւ թեկնածուներու միջեւ բանավէճերու համար: Ընտրական ամբողջ գործընթացը տեղի պիտի ունենայ 15-20 Սեպտեմբերին: Անոր համաձայն, երեսփոխաններու թիւը 150-էն պիտի բարձրանայ 210-ի, որուն մէջ իգական սեռին ներգրաւումը առնուազն 20%-ի պիտի հասնի։

Ալ-Ահմատ նշեց, որ նախագահին կողմէ պիտի նշանակուի երեսփոխաններու մէկ երրորդը (70 անդամ), բարձր որակաւորում ունեցող մասնագէտներ ներգրաւելու եւ սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու ներկայացուած ըլլալը երաշխաւորելու համար։