Ներկայութեամբ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի,24 Յուլիսին,Դամասկոսի Ժողովրդական պալատին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիա-սէուտեան ներդրումային համաժողովը, որուն մասնակցեցան նախարարներ, գործարարներ եւ ձեռնարկատէրեր, որոնք ստորագրեցին 6 միլիար տոլարի արժողութեամբ 47 համաձայնագիր և փոխըմբռնումի յուշագիր:Ասիկա որակական քայլ մըն է ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման իմաստով, որ կը խթանէ երկու եղբայրական երկիրներու միջեւ տնտեսական եւ ներդրումային գործակցութիւնը:

Համաժողովի իր ելոյթին մէջ, Սուրիոյ տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի նախարար դոկտոր Մուհամմետ Նիտալ աշ-Շաար ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ներդրումներու նախարար Խալէտ պըն Ապտուլազիզ ալ-Ֆալեհի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը կարեւորագոյն հանգրուան է երկկողմ յարաբերութիւններու ճամբուն վրայ եւ կը ծառայէ երկու եղբայր երկիրներու գործակցութեան ամրապնդման եւ գործընկերութեան ընդլայնման։

Իր կարգին, Սէուտական Արաբիոյ ներդրումներու նախարար Խալէտ պըն Ապտուլազիզ ալ-Ֆալեհ հաստատեց, որ թագաժառանգ եւ վարչապետ Մուհամմետ պըն Սալմանի ուղղորդութեամբ սէուտական մեծ պատուիրակութեան Դամասկոս կատարած այցելութիւնը կը մարմնաւորէ թագաւորութեան ձգտումը՝ ամրապնդելու Սուրիոյ հետ եղբայրական յարաբերութիւնները, յատկապէս՝ տնտեսական և ներդրումային ոլորտներու մէջ։

Ալ-Ֆալեհ դիտել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ ներդրումային համաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 20 սէուտեան կառավարական գործակալութիւններ եւ շուրջ 100 մեծ, մասնաւոր ընկերութիւններ: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց զանազան ոլորտներու, մասնաւորապէս՝ ելեկտրականութեան, կենսուժի, արդիւնաբերութեան, ենթակառոյցներու, անշարժ գոյքի, ելեւմուտքի ծառայութիւններու, առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական ճարտարագիտութեան, կապալային եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան առկայ ներուժին գծով:

Սէուտական Արաբիոյ ներդրումներու նախարարը յայտնեց, որ համաԺողովի ընթացքին պիտի ստորագրուին 47 համաձայնագրեր եւ փոխըմբռնումի յուշագրեր, որոնց ընդհանուր արժէքը կը հասնի շուրջ 24 միլիար սէուտեան ռիալի, որ համազօր է 6 միլիար ամ․ տոլարի։