Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, 23 Յուլիսին խստիւ դատապարտեց Սուէյտա քաղաքին մէջ անյայտ անձերու կողմէ իրականացած դաշտային մահապատիժները ցուցադրող տեսանիւթերու շրջանառութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ գործողութիւնները լուրջ յանցագործութիւններ են, որոնք կը պատժուին օրէնքով՝ ամենախիստ պատիժներով:

Նախարարութիւնը յայտարարեց իրաւասու մարմիններու կողմէ անհետաձգելի հետաքննութիւն սկսելու մասին՝ այդ յանցագործութիւններու մէջ ներգրաւուած անձինք բացայայտելու, զիրենք հետապնդելու և ձերբակալելու համար: Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ ոչ ոք օրէնքէ վեր է, եւ անոր որուն ներգրաւուածութիւնը ապացուցուած է, կ՚ուղարկուի իրաւասու դատական ​​համակարգ՝ օրէնքի դրոյթներուն համապատասխան արդար պատիժի արժանանալու համար»: