Սուրիական ծովափի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ոճիրներու բացայայտման եւ փաստահաւաքի ազգային յանձնախումբը իր աշխատանքի աւարտին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ յանձնախումբին աշխատանքը պարզապէս սկիզբն է արդարութիւնը հաստատելու, ոճրագործները պատժելու, անմեղ զոհերու իրաւունքը վերականգնելու եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու՝ երկրէն ներս կայունութիւնն ու քաղաքացիական խաղաղութիւնը ամրապնդելու համար:
Յանձնախումբը ըսաւ, որ կառավարական մարմինները կատարած են յանձնախումբի բոլոր խնդրանքները։ Ապա նկատել տուաւ, որ աւարտած է աշխատանքը՝ ստեղծման որոշումին մէջ նշուած ժամկէտին և իր վերջնական զեկոյցը՝ բոլոր յաւելուածներով, ներկայացուցած է Հանրապետութեան նախագահին 13 Յուլիսին։
Յանձնախումբը իր պարտականութիւնները կատարած ատեն հիմնուած է յարձակումներու և խախտումներու ընդհանուր հետաքննութեան վրայ, որ աշխարհագրականօրէն կը տարածուի Լաթաքիոյ, Թարթուսի և Համա նահանգներու վրայ, և ժամանակագրական առումով կը հիմնուի Մարտի սկիզբէն և անկէ վերջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաև իրադարձութիւններուն յանգեցուցած հանգամանքներու և պայմաններու, քաղաքացիական անձանց նկատմամբ կիրառուած խախտումներու հետաքննութեան, կառավարական հաստատութիւններու, ապահովութեան աշխատակիցներու և բանակի վրայ յարձակումներու, անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար պատասխանատու անձերու բացայայտման և դատական համակարգին յանձնելու վրայ: Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, որ յանձնախումբը թափանցիկ կերպով կապի մէջ մտած է սուրիացի տղամարդոց և կիներու հետ՝ ուղղակիօրէն և լրատուամիջոցներու ճամբով, ու բազմաթիւ և օգտակար հանդիպումներ ունեցած է քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր կողմերու, մասնագիտական միութիւններու ներկայացուցիչներու և ղեկավար տարրին հետ, նշանաւոր անձանց և պաշտօնատար անձերու մեծ մասին հետ:
Յայտարարութեան համաձայն, յանձնախումբը այցելած է 33 վայր, ստուգած է դէպքերու վայրերը, ուսումնասիրած գերեզմանատուներն ու թաղման տարբեր վայրերը և նկարագրած իր դիտարկումները գիւղապետներու, կրօնական առաջնորդներու և շարք մը ընտանիքներու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ: Գրանցուած է 938 վկայութիւն, այդ կարգին՝ 452-ը՝ սպանութեան դէպքերու, իսկ 486-ը՝ զինեալ կողոպուտի, գողութեան, տուներու եւ խանութներու հրկիզման եւ այլն։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Յանձնախումբը իր ցուցմունքներու գրանցման աշխատանքներուն մէջ ներառած է ալաուիական համայնքի տուժած հատուածին պատկանող եօթ մասնագիտացած կին իրաւաբանի օգնականներ, ինչպէս նաև զոհերու ընտանիքներէն երեք կանանց, որոնք մասնակցած են յանձնախումբի լսումներուն»: Կը նշուի որ յանձնախումբը լսած է նաեւ պաշտօնական մարմիններու պաշտօնեաներու 23 ճեպազրոյց և ցուցմունք, հարցաքննած է ձերբակալուած կասկածեալները և ձեռնարկած է անհրաժեշտ միջոցներ զիրենք դատական համակարգին յանձնելու համար:
Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի է, որ յանձնախումբը խորհրդակցութիւններ ունեցած է նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան միջազգային մարմիններու հետ՝ բարձր մակարդակի հանդիպումներով՝ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով գլխաւոր քարտուղարի օգնականի, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան հարցով միջազգային հետաքննութեան ձանձնաժողովի նախագահին և անդամներուն ու խումբին, Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին, Սուրիոյ մէջ յատուկ դեսպանորդի գրասենեակին, Human Rights Watch-ի և Amnesty International-ի հետ: