Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան լրատուամիջոցներու և հաղորդակցութեան վարչութիւնը հաստատեց, որ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը, որ կը ներկայացնէ պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ Ապու Քասրան, հետաքննած է Սուէյտա քաղաքին մէջ զինուորական համազգեստով անյայտ խումբի կողմէ կատարուած ցնցիչ և լուրջ խախտումներու մասին հաղորդագրութիւնները: Պաշտպանութեան Նախարարութեան լրատուամիջոցներու և հաղորդակցութեան վարչութիւնը թելեկրամեան ալիքով յայտարարեց. «Նախարարութեան կողմէ տրուած շրջաբերականներու հիման վրայ, որոնք կ՚արգոլեն իրեն ենթակայ չեղող որևէ կազմաւորման մուտքը ռազմական գործողութիւններու գօտի, ստեղծուած է յանձնախումբ՝ Սուէյտա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խախտումները հետաքննելու և կատարած անձանց պատկանելութիւնն ու նախապատմութիւնը երեւան հանելու համար»: Ան աւելցուցած է. «Սուէյտա քաղաքին մէջ խախտումներ կատարած անձանց նկատմամբ պիտի կիրառուին առաւելագոյն պատժամիջոցներ», նշելով, որ պաշտպանութեան նախարարը անմիջականօրէն կը հետևի ռազմական խախտումներու յանձնախումբի հետաքննութիւններուն:

Մամուլի և հաղորդակցութեան վարչութիւնը մեջբերած է պաշտպանութեան նախարար Մուրհաֆ Ապու Քասրայի խօսքերը. «Խախտումներ կատարած ոչ ոքի նկատմամբ հանդուրժողականութիւն պիտի չցուցաբերուի, նոյնիսկ եթէ ան կապուած ըլլայ Պաշտպանութեան նախարարութեան»։

Մամուլի և հաղորդակցութեան վարչութիւնը յայտարարած է. «Մենք նախորդ յայտարարութիւններով հաստատած էինք, որ Սուէյտա քաղաք թափանցած են քանի մը տարածաշրջանային խմբաւորումներ և այնտեղ վրէժխնդրութեան գործողութիւններ իրականացուցած են։