ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթի ախոյեանական առաջին մրցումին, Սուրիոյ «-16»-ի հաւաքականը Յորդանանի մէջ 83 – 66 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ կազմը եւ յաղթական աւարտեց հանդիպումը: Մրցումին, Սուրիոյ հաւաքականը սկիզբէն կրցաւ տիրապետել արդիւնքին:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ օրերուն տղոց Ա. հաւաքականին պիտի միանայ Լիբանանի ալ-Ռիատի խումբի ամերիկացի խաղացող Քիրոն Տիշիլծ, որպէս արհեստավարժ խաղացող, որ յառաջիկայ շրջանին Սուրիոյ կազմին հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԱԼՎԱՐՈ ՔԱՐԵՐԱՍ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ՆՈՐ ԽԱՂԱՑՈՂ ԴԱՐՁԱՒ 
Ուրբաթ օր Սպանիոյ մայրաքաղաք Ռէալ Մատրիտի Սիթիի մէջ տեղի ունեցաւ արքայական ակումբի նորեկ խաղացող Ալվարո Քարերասի ներկայացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ակումբի նախագահ Ֆլորենթինո Փերէզ յայտնեց, որ Քարերաս իրենց խաղացողն էր, եղած էր Ռէալ Մատրիտի մէջ եւ դարձած Եւրոպայի լաւագոյն պաշտպան խաղացողներէն մէկը։ Ան յիշեց, որ Քարերաս միացած է ակումբին 2017-ին, երբ 14 տարեկան էր, եւ այնտեղ մնացած է երեք տարի։ Քարերաս շնորհակալութիւն յայտնեց ակումբին՝ վստահութեան եւ վերադառնալու կարելիութեան համար. «Ես հեռացած էի որպէս պատանի, բայց վերադարձայ որպէս երիտասարդ։ Հպարտ եմ կրկին կրելու այս մարզաշապիկը։ Կը խոստանամ ընել լաւագոյնս խումբին համար եւ միասին յաղթանակներ արձանագրել»։ Ան ըսաւ, որ պատրաստ է նոր մարտահրաւէրներու եւ անհամբեր կը սպասէ «Սանթիակո Պերնապէ» մարզադաշտին վրայ խաղալու։
ՌԱՇՖԸՐՏ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ԽԱՂԱՑՈՂ 
Իտալացի մարզական թղթակից Ֆապրիզիո Ռոմանո յայտարարեց, որ Անգլիոյ Մանչեսթըր Իւնայթըտի խաղացող Ռաշֆըրտ մեծ հաւանականութեամբ մէկ տարուան վարձակալութեամբ կրնայ դառնալ Սպանիոյ Պարսելոնայի խաղացող: Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն, պայմանագրութիւնը կրնայ յառաջիկայ տարի ըլլալ ամբողջական վաճառումով: Մինչեւ օրս բանակցութիւնները կը մնան բերանացի, սակայն զոյգ կողմերը յառաջիկայ օրերուն պաշտօնական բանակցութիւններ պիտի սկսին վարել: Աւելցնենք, որ Պարսելոնա Ռաշֆըրտին անունը առաջարկեց, Նիքո Ուիլիըմզին հետ բանակցութիւններու ձախողման հետեւանքով, ուստի ան կարիք ունէր այս դիրքին վրայ գտնուող խաղացողի մը:
Ռաֆֆի Սիւլահեան