ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը Լիբանանի մէջ կատարած ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին բարեկամական մրցում մը կատարեց Եգիպտոսի կազմին հետ, որ աւարտեցաւ 77-66  արդիւնքով՝
ի նպաստ Եգիպտոսին: Հաւաքականը մրցեցաւ նաեւ Լիբանանի կազմին դէմ եւ դարձեալ 79-69 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ:
-Սուրիոյ ֆութպոլի ողոմպիական հաւաքականը իր մասնակցութիւնը բերաւ Խրխզիստանի մէջ տեղի ունեցող բարեկա-մական մրցաշարքին, ուր արձանագրեց երկու յաղթանակ եւ մէկ հաւասարութիւն: Աւելցնենք, որ հաւաքականը կը նախապատրաստուի իր մասնակցութիւնը բերելու Ասիոյ մրցաշարքին եւս:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՐՈՆԵԱՆ ՆՈՒԱՃԵՑ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ FREESTYLE
ՃԱՏՐԱԿԻ ԿՐԱՆՏ ՍԼԱՄԻ ՏԻՏՂՈՍԸ
Ճատրակի հայ ախոյեան Լեւոն Արոնեան Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած Freestyle ճատրակի Կրանտ Սլամի մրցաշարքի եզրափակիչ հանդիպումին յաղթեց ամերիկացի ախոյեան Հանս Նիմանին, որ ներկայիս համաշխարհային դասակարգման 19-րդ դիրքը կը գրաւէ։ Արոնեան նուաճեց  մրցաշարքի 200.000 տոլարի առաջին մրցանակը: Տիտղոսի ձեռքբերման ճամբուն, ան տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեց ճատրակի աշխարհի առաջատար խաղցողներու նկատմամբ՝ խմբային փուլին յաղթելով համաշխարհային ախոյեան Մակնուս Կարլսէնին, քառորդ եզրափակիչին երկրորդ դիրքի ախոյեան Հիքարու Նաքամուրային, իսկ կիսեզրափակիչին՝ համաշխարհային հնգեակին մէջ գտնուող Արճուն Էրիկէյսիին։ Մրցաշարքը տեղի  ունեցաւ 16-20 Յուլիսին, Լաս Վեկասի Wynn պանդոկէն ներս։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌՈՆԻ ՊԱՐՏԱՔՃԻ՝ ԱՌԱՋԻՆ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆ,
ՈՐ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻՆ

Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան չորս տարուան պայմանագրով խումբին միացուց սուրիացի խաղացող Ռոնի Պարտաքճին: Ռոնի ծնած է Քուէյթ եւ զաւակն է հալէպցի  ասորի ընտանիքի: Վեց տարեկանին փոխադրուած է Շուէտ, ուր մաս կազմած է տեղական խումբերու: 2020-ին միացաւ Քոփէնհակըն խումբին, որուն հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի ախոյեանական մրցումներուն: Ռոնիի բարձրորակ խաղարկութիւնը պատճառ դարձաւ, որ եւրոպական զանազան ակումբներ բանակցութիւններ վարեն իր հետ, սակայն  ընտրեց Պարսելոնան, որուն հետ ան ներկայիս իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ճափոնի մէջ տեղի ունեցող ուսումնամարզական հաւաքին: Ռոնի նախորդ շաբաթ օր իր առաջին մասնակցութիւնը բերելով նշանակեց իր առաջին կոլը Պարսելոնայի տարազով եւ լաւ անդրադարձ ձգեց պատասխանատուներուն վրայ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան