ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-20 երկար տարիներ սպասելէ ետք, Հալէպի Ահլին յաջողեցաւ իր պատմութեան մէջ 7-րդ անգամ ըլլալով տիրանալ Սուրիոյ ախոյեանութեան՝ աւարտական փուլին
2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Հոմսի Քարամէն: Աւարտական քառեակին, Ահլին կրցաւ յաղթել Ուահտէին 1 – 0 արդիւնքով եւ պարտութեան մատնուեցաւ Հըթթինէն՝
1 – 0 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ աւարտական փուլը տեղի ունեցաւ Դամասկոսի մէջ, իսկ բաժակի տուչութիւնը եղաւ Սուրիոյ երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարար Մուհամմետ Սալեհ Համետի ձեռամբ:
-Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Դամասկոս ժամանեց Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականի նորանշանակ ամերիկացի մարզիչ Ժոզէֆ Սթեպինկը եւ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքը, որուն հրաւիրուեցաւ 24 խաղացող: Սուրիոյ հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ 2025-ի ախոյեանական մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀՄԸՄ-Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԸ՝ 2024-2025 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը 13 Յուլիսին յաջողեցաւ 2024-2025 տարեշրջանի ֆութպոլի Լեռնալիբանանի չորրորդ դասակարգի ախոյեան հանդիսանալ։ Պհամտունի դաշտին վրայ կայացած աւարտական խաղին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը մրցեցաւ Ռիատի Պարժա խումբին դէմ։ Խաղը աւարտեցաւ 3-0 արդիւնքով՝ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի խումբին: Խումբը փոխանցուեցաւ չորրորդ դասակարգի աւարտական խաղերու փուլ։
ՌԷԱԼ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՎԱՃԱՌԵԼՈՒ ՎԻՆԻՍԻՈՍ ԺՈՒՆԻԸՐԸ

Ըստ Fichajes-ի, Սպանիոյ փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է այս ամառ վաճառել պրազիլցի յարձակող Վինիսիոս Ժունիըրը։ Աշխարհի ակումբային առաջնութեան մրցումներուն, 25-ամեայ ֆութպոլիստի անհամոզիչ խաղը հիասթափեցուց արքայական խումբի ղեկավարութիւնը։
Կողմերը չեն բանակցած պայմանագրութեան երկարաձգման հարցով։ Պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2027 թուական: Ռէալ կը քննարկէ եւ բանակցութիւններ կը վարէ 150 միլիոն եւրոյի սկսած առաջարկներով։ Transfermarkt-ի համաձայն, Վինիսիոսի տեղափոխման արժէքը 170 միլիոն եւրո է։
Այս մրցաշրջանին Վինիսիոս Ռէալին հետ մասնակցած է 58 հանդիպման, նշանակած է 22 կոլ եւ կատարած՝ 19 կոլային փոխանցում:
Ռաֆֆի Սիւլահեան