ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓՈՐԹՈՒԿԱԼՑԻ ՏԻՈԿՈ ԺՈԹԱ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻ
ԱՐԿԱԾՈՎ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ

Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած ճամբորդութեան ընթացքին, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով զոհուեցաւ Անգլիոյ ախոյեան, Լիվըրփուլի 28-ամեայ փորթուկալցի խաղացող Տիոկո Ժոթան: Lamborghini ինքնաշարժով Տիոկո Ժոթայի հետ եղած էր անոր եղբայրը, որ նոյնպէս մահացաւ: Ճամբորդութեան ընթացքին պայթած է ինքնաշարժին անիւը, որմէ ետք ինքնաշարժը այրած է: Տիոկո Ժոթան 2020 թուականէն հանդէս կու գայ Լիվըրփուլի հետ, որմէ առաջ մաս կազմած է նաեւ փորթուկալական Պասուշ Տէ Ֆերէյրան ու Պորտո, Սպանիոյ Աթլեթիքո Մատրիտի եւ անգլիական Վուլվերհեմփթըն խումբերուն: Վերջերս Փորթուկալի հաւաքականին հետ Տիոկո Ժոթան արժանացաւ Եւրոպայի ազգերու լիկայի ախոյեանութեան: Ան ամուսնացաւ արկածէն տասը օր առաջ:
ՄՈՒՍԻԱԼԱ ԾԱՆՐՕՐԷՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ

Ամերիկայի մէջ ընթացող համաշխարհային ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական փուլի մրցումներու ընթացքին, Գերմանիոյ Պայերն Միւնէխի կիսապաշտպան խաղացող Ճամալ Մուսիալա Փարիզ Սան Ժերմանի հետ տեղի ունե-ցած հանդիպումի առաջին կիսախաղին ձախ ոտքը վիրաւորեց, որուն հետեւանքով ալ դուրս եկաւ խաղէն: Bild-ը յայտնեց, որ 22-ամեայ խաղացողը նուազագոյնը վեց ամիսով պիտի բացակայի խումբէն եւ այս տարի պիտի չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել խումբի մրցումներուն: Աւելցնենք, որ աշխարհի ակումբային առաջնութեան մրցումներուն փարիզեան խումբը 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պայերն Միունէխը:
ՆԻՔՈ ՈՒԻԼԻԸՄԶ «ԱԹԼԵԹԻՔ»-Ի ՀԵՏ ԻՐ
ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ 10 ՏԱՐԻՈՎ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ

Սպանիոյ հաւաքականի եւ Աթլեթիք Պիլպաուի յարձակողական խաղացող Նիքո Ուիլիըմզ, վերջ տալով բոլոր տարաձայնութիւններուն, երկարաձգեց իր համագործակցութեան պայմանագրութիւնը խումբին հետ մինչեւ 2035 թուական: Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարութիւն կատարեց ակումբի կայքէջը: Անցեալ մրցաշրջանին Նիքո Ուիլիըմզ մասնակցած էր 45 հանդիպման, նշանակած էր 11 կոլ, կատարած՝ 7 կոլային փոխանցում։ Transfermarkt-ը Նիքո Ուիլիըմզի պայմանագրութեան արժէքը նախատեսած է 70 միլիոն եւրո: Աւելցնենք, որ վերջին ամսուան ընթացքին անոր ծառայութիւններով հետաքրքրուած էր Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան, որ մինչեւ վերջին վայրկեանները ապահոված էր բանակցութեան յաջողութեան ընթացքը, բայց Ուիլիըմզի որոշումը փոխուեցաւ եւ ան մնաց իր խումբին հետ:
Ռաֆֆի Սիւլահեան