«Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց ըրաւ երկնքի ու երկրի մէջ» (Սղ 135.6)։
Ամէն բան Տիրոջ նախասահմանութեամբ ու ծրագրով կ’իրականանայ։
Այս առումով դիպուած, պատահական զուգադիպութիւն գոյութիւն չունի։
Հայաստանեայց Առաքելական Ս.  եկեղեցին յիշատակեց Ս.  Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի թոռան՝  Մեծն Ներսէս Հայրապետին տօնը:
Անոր նախորդող շաբաթ օրուան տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Ելն ի վիրապ տօնն էր։ Իսկ Կիրակի յիշատակուեցաւ Տօն Կաթողիկէ Ս.  Էջմիածնի տօնը։
Լուսաւորիչ Հայրապետի տօնը կը յիշեցնէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաստատումը, այլեւ այն առաջին ազգը, որ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք ընդունեց։
Ս.  Էջմիածինը, քրիստոնէական միակ եկեղեցին է, ուր Միածին Որդին տեսիլքով իջաւ եւ կառուցուելիք եկեղեցւոյ յատակագիծը գծեց։
Չորրորդ դարու սկիզբը քրիստոնէութեան պետական կրօնք հաստատման եւ Հայոց Հայրապետութեան ամբողջական զօրացման շրջանն է։
Ս.  Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի թոռան, Մեծն Ներսէսի օրով եկեղեցին դարձած էր ողջ ժողովուրդի զաւակներուն տունը՝ ներառելով նաեւ որբերը, այրիները, ծերերը, որպէս գթութեան եւ ողորմութեան աղբիւր։
Այս բոլորին աւարտը չուշացաւ, երբ Պապ թագաւոր անջատեց եկեղեցին պետականութենէն, որովհետեւ Մեծն Ներսէս Պապ թագաւորի անբարունակ կեանքը եւ կենցաղը յանդիմանողն էր։
Ուստի Պապ թագաւորի նպատակն էր՝ հալածել հայոց եկեղեցին, թունաւորելով սպանել Մեծն Ներսէս Հայրապետը եւ դառնալ մենիշխան թագաւոր։
Երբ պատմական եւ եկեղեցական տոմարով ամրագրուած այս դէպքերու զուգահեռները ստեղծենք մեր օրերու Հայաստանեան իրականութեան հետ, պիտի շեշտենք, որ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ»։
Հայաստանի Ազգային Ժողովի մէկ նիստին, Հայաստանի վարչապետը  (մերօրեայ Պապ թագաւորը) ամպիոնէն հետեւեալ խօսքը արտասանեց. «Պապ թագաւորը նորից չպիտի մեռնի».  ուրե՞մն՝ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցի՞ն, Միածնաէջ Ս. Եկեղեցի՞ն եւ Հայոց Հայրապետն ու հոգեւորականնե՞րը…։
Պէտք է հաւատանք այն իրականութեան, որ պատասխանատու մարդոց խօսքերը.  պատահականութիւն, դիպուած կամ զուգադիպութիւն չեն կրնար ըլլալ.  այլ՝ յստակ դիտաւորութիւն եւ նախապատրաստուած ծրագիրներու նախապատրաստութեան ազդ։
Մեր Տէրը Յիսուս քաջ գիտնալով, որ Յուդան զինք պիտի մատնէր ըսաւ.  «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ» (Յհ 13.27)։
Յուդան ի՞նչ շահեցաւ…։
Մ. Ք.