“Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը”։

Այսպիսին էր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պատգամը իր աշակերտներուն, որոնք կը փորձէին պարզել թէ իրենց մէջ ո՞վ է մեծը։ Տէրը Քրիստոնէական հաւատքը այս ձեւով խարսխեց խոնարհութեան եւ համեստութեան սկզբունքներու վրայ եւ Իր կեանքով գործնական ապացոյցը հանդիսացաւ այդ սկզբունքներու մարմնաւորմանը։
Ուստի զարմանալի չէ, որ Քրիստոնէական հաւատքը կրող եւ անոր բոլոր սկզբունքներուն անսակարկ նուիրեալ, ուխտապահ Զմմառու հոգեւորականը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան, ապրէր Քրիստոնէավայել եւ Աստուածահաճոյ կեանք մը, նոյնիսկ կեանքը զոհաբերելով Աստուծոյ զոհասեղանին, որպէս առհաւատչեայ իր հաւատքի անձնուիրութեան, եւ արժանանար սրբադասումի երկնային առաքինութեան։
Իգնատիոս Մալոյեանի 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, նախատեսուած Սրբադասման առիթով, հարկ է անդրանառնալ այս հայորդիին կրօնաբարոյական յատկանիշերուն, ուր ամիսներ ետք միջազգայնօրէն պիտի հռչակուի օրինակելի սուրբը իր զոհաբերութեամբ։ Օրինակելի ինքնանուիրում մը դարձաւ իր կեանքը զոհաբերելու Քրիստոնէական հաւատքին։ Մարտինի մէջ իր գրած 24 Յունիս 1911 թուակիր նամակէն կարելի է Սուրբին խոնարհութիւնը եւ յանձնառու հոգեւորական այրի մը խորհուրդը վեր առնել։ Ստորեւ ներկայացուած փաստաթուղթի հրապարակումով` մենք կը միտինք` վաւերագրականօրէն ապացուցելու Մալոյեանի վարած խոնարհ կեանքին, հետեւինք Մալոյեանի գրութեան՝

Մարտին
24 Յունիս 1911

Գերյարգելի Տէր Վարդապետ

Ստացած եմ Ձեր պատուական շրջաբերականը նկատմամբ լուսանկարս խնդրելու ուրիշ ծանօթութեանց հետ, որ անարժանիս կենսագրութեան կը պատկանի։
Սիրելի Եղբայր, լուսանկարս միանգամ քաշած եմ, այն ալ տասնհինգ տարի առաջ եւ այժմ սպառած են։
Կեանքիս մէջ ալ յիշատակաց արժանի բան մի չեմ ըրած դժբախտաբար. Այլ առանց արժանաւորութեան 1896-ին, Այլակերպութութեան տօնին, Քահանայ ձեռնադրուած եմ, այժմու գերերջանիկ
հոգեւոր Տիրոջմէ, տարի մի եւ կէս վանք կենալէս յետոյ Եգիպտոս գնացի, ուր մերթ յԱղեքսանդրիա մերթ ի Գայիրէ պաշտօնավարութիւն ըրած եմ, Պոլիս ալ ինը ամիս անցուցած եմ, իսկ հիմա ալ մեղացս պատիժը կրելու համար հոս ընկած եմ։
Ահա այս է խեղճ ողորմելի կենսագիրս, իսկ քահանայութենէ առաջ անցուցած կեանքս յայտնի է ամենեցուն։
Գանք հիմա կարեւոր խնդրոյ մի, Մարտինի թեմը շատ խեղճ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ կարօտ աշխոյժ եւ գործունեայ քահանայից։
Արդ այստեղի նորընծայարանի քահանաները, որ այս թեմիս կործանման պատճառը եղած էին, հոգեւոր Տիրոջ հրամանաւ ամէն մէկը տեղ մը ղրկուեցաւ, թեմը քիչ մը գտաւ իր խաղաղութիւնը. Բայց գործող անձինք շատ քիչ են, Կիրակի օրերը երկերկու պատարագ կ’ընեն քահանայք, բայց այս ալ շատ դժուար է, ներսի քահանայ Միաբանները եւս հոս չեն ուզեր գալ, ես ալ շուարած մնացեր եմ, չեմ գիտեր ինչ ընելիքս, բայց մեղք է այս թեմին, յիրաւի հոս կեանք անցնելը մարտիրոսութիւն է, սակայն ասոր համար եղած ենք քահանայ, եւ մեր առաքինութիւնը այսպիսի պարագայի մէջ երեւան պիտի գայ. Ինչ եւ իցէ։
Ապագան խորհելով պէտք է նորահասներ մէջտեղ բերել։ Արդ Պատրիարքութեան գրած էի, որ հրաման տրուի քանի մի պատանի ղրկուի վանք, անկից հրաման եկաւ, որ Ձեզի գրեմ։ Արդ ունիմ քովս փորձուած եւ վարժուած չորս հինգ հատ պատուական պատանիներ, որ ըստ ամենայնի յարմար են, եւ իրենք կը խնդրեն գալ վանքը, ի նորընծայութիւն։ Ուստի Մեծապատիւ շնորհակալական պիտի ըլլամ, եթէ բարեհաճիք ընդունիլ զիրենք, որպէսզի ուսումնական տարւոյն սկիզբը ղրկեմ վանք։
Այս խնդրոյս նկատմամբ հաճեցէք ինձ կարեւոր որոշ հրամաննիդ եւ հրահանգնիդ շնորհել, զի շատ պէտք կայ, եւ ես գիտնամ ընելիքս։
Յուսալով, ի մօտոյ կարդալ գրութեանս նպաստաւոր պատասխանը, մնամ ի հաւաստիս խորին յարգանաց եւ սիրոյ

Գերյարգելի Տէր
Խ.ծ.
Ի.վ. Մալոյեան

Թանկարժէք սոյն փաստաթուղթի բովանդակութենէն կարելի է վկայել, որ նամակը ամբողջութեամբ համեստութեան եւ խոնարհութեան արտայայտութիւն է, իմաստացած է հօտին հանդէպ իր ցաւերով տառապող քրիսոսավայել հովիւի մը մտահոգութիւններով, վշտահար արտայայտութիւններով։ Իր կատարած աշխատանքներու մասին ո’չ միայն չի յոխորտար, չի գորոզանար, այլ ինքզինք նոյնիսկ ողորմելի կը համարէ։ Կը խօսի հօտին փրկութեան համար մարդկային նոր ուժեր խնդրելու կարիքներու մասին եւ այդ կարիքները աշխոյժ եւ գործունեայ քահանայական դասի ձեւաւորմամբ լուծելու անհրաժեշտութեան մտահոգութեամբ։ Միաժամանակ լաւատեսութեամբ ի մտի ունենալով որոշ երիտասարդ ոյժեր ներառելու, որոնք ի վիճակի են ապագային կղերականներ դառնալու իր պայծառատեսութեան։ Նամակին մէջ ակնյայտ է Անոր խոր ակնածանքն ու անթաքոյց յարգանքը եկեղեցւոյ բարձր դասի հոգեւոր այրերու նկատմամբ։
Ահա այսպիսին է, վարքն ու կենցաղը` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի, որու արժանիքներուն ի տես` օրուան Մեծաւորը կարծէք մարգարէացած ըլլար` անոր Սրբադասման, եւ այդ միտումով ալ` Մալոյեանէն խնդրած` Իր լուսանկարն ու ծանօթութիւնները։

Գերպծռ.Մաշտոց Թ.Ծ.Վ.Զահթէրեան` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր