Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը, որուն առիթով կ’ուզենք լուսարձակ մը բանալ ՀԲԸ Միութեան պատկանող այս մեծ մատենադարանի պատմութեան վրայ, որ Սփիւռքի մեծ մատենադարաններէն կը համարուի, Սուրբ Ղազարի եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւններուն մատենադարաններէն ետք:
Միութեան այն օրերու կեդրոն Գահիրէի մէջ, հիմնադրութենէն միայն հինգ տարի ետք՝ 1911-ին, հիմը կը դրուէր «ՀԲԸ Միութեան Մատենադարան»-ին:
Այս առաջին Մատենադարանին ճոխացման համար շատ շատեր, մանաւանդ օրուան կարկառուն դէմքերը, գիրքեր նուիրաբերած են, որոնք աւելի ուշ Փարիզ փոխադրուելով, կորիզը դարձած են Նուպարեան Մատենադարանին:
Մատենադարանը զոյգ նպատակներ ունէր՝ «մէկ կողմէ կ’ուզէր օտարութեան մէջ գտնուող հայոց, մանաւանդ ուսանող սերունդին տրամադրութեան տակ դնել ոչ միայն իր ազգային պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթացման նպաստող, այլ նաեւ ընդհանուր զարգացման անհրաժեշտ հրատարակութիւններ, միւս կողմէ՝ փրկել զանազան մասնաւոր հաւաքածոներ, որոնք իրենց տէրերուն մահէն ետք կրնային ցրուիլ եւ կորսուիլ», զանոնք կեդրոնացնելով համազգային հանգամանք ունեցող այս հիմնարկին մէջ, ինչպէս կը կարդանք 1935 թուականին գրուած զեկոյցի մը մէջ:
Գաղափարը շատ կարեւոր թուացեր էր այդ օրերու մեծամեծներուն՝ Պօղոս փաշա Նուպարին,  Գալուստ Կիւլպէնկեանին, Գրիգոր Եղիայեանին (Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեւոյ բարերար) եւ Կարապետ Շէրիտճեանին, որ առաջին գրադարանապետը եղած է: Այս անունները իրենց նուիրատուութիւններով ճոխացուցեր են Միութեան մատենադարանը: Անոնց օրինակին հետեւելով ուրիշներ եւս սկսեր են գիրքեր նուիրել,  ինչ որ իր օգտակարութիւնը ունեցեր է այդ շրջանին:
Երուանդ Պէյ Աղաթօն, որ Միութեան գործադիր տնօրէնն էր, սկսած է դիմումներ ընել, որպէսզի Միութեան փոխանցուի կաթողիկէ գրասէրի մը՝ հանգուցեալ Վիչէն Հոլասի մատենադարանը:
«Հոլաս միջոց մը Պոլսոյ հայ-կաթոլիկ Պատրիարքարանին նուիրած էր իր Մատենադարանը, բայց վերջէն ետ առած էր այն մտավախութեամբ, թէ իր գիրքերը միակ յարանուանութեան մը սեփականութիւնը կը մնան, մինչդեռ իր փափաքն էր որ էապէս համազգային բնոյթ ունեցող եւ ազգին բոլոր հատուածներուն առջեւ բաց հիմնարկութեան մը մօտ մնան: ՀԲԸ Միութիւնը այս տեսակէտով յարմարագոյն հիմնարկութիւնն էր անշուշտ, եւ Աղաթօն Պէյ ալ այս կէտը աչքի առջեւ ունենալով կատարեց իր դիմումները, Հոլասի մատենադարանին ստացման համար»:
Սակայն այն օրերու պարագաները արգելք դարձեր են ձեռնարկին յաջողութեան: Միայն 1925-ին, Արտաշէս Հիւրմիւզի ջանքերով, Հոլասի երկու աղջիկները՝ տիկին Բասեկա եւ օրիորդ Սօֆի Հոլաս, իրենց հօր ճոխ հաւաքածոն կը նուիրեն ՀԲԸ Միութեան:
ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչական ժողովը յարմար կը տեսնէ «Նուպարեան» կոչել Փարիզի մատենադարանը, ի յարգանք Պօղոս փաշա Նուպարին, որ 1927-ին Փարիզի Ալպոնի հրապարակին թիւ 11 շէնքին մէջ ամբողջ յարկաբաժին մը կը գնէ, Հոլասի գիրքերը ամփոփելու եւ հանրութեան տրամադրելու համար:
Պօղոս փաշա Նուպար այդ յարկաբաժինը կտակած է ՀԲԸ Միութեան, ինք հոգացած է դարակներուն եւ կահաւորումի ծախքը եւ իր հօր՝ Նուպար Փաշայի ճոխ հաւաքածոն, որ Եգիպտոս կը գտնուէր, իր ծախքով փոխադրել տուած է եւ նուիրած մատենադարանին:
Այդ առթիւ Մատենադարանը ստացեր է նաեւ Միքայէլ փաշա Փորթուքալի մատենադարանէն մաս մը, որ հոն փոխադրուած է, Գահիրէի մատենադարանին գիրքերէն կարեւորագոյններուն հետ:
Իսկ Իտալիայէն Փարիզ փոխադրուած են Մատթէոս Խէրանեանի գիրքերը, որոնք ձեռքէ ելլելու վրայ էին այն օրերուն եւ այս ձեւով փրկուեր են կորուստէ կամ օտարներու սեփականութիւնը դառնալէ:
Պօղոս փաշա Նուպարի կտակին համաձայն Նուպարեան Մատենադարանը սահմանուած է առաւելապէս հայագիտական ուսումնասիրութեանց, «հայագիտութիւնը առնելով իր ընդարձակագոյն նշանակութեամբ», եւ կը պարունակէ ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ անոր դրացի կամ անոր հետ յարաբերութիւն ունեցած բոլոր ժողովուրդներուն պատմութեան, ինչպէս եւ ընդհանուր մշակոյթին նուիրուած կարեւոր աշխատութիւններ, զանազան լեզուներով: 1935-ին արդէն 25 հազար կը հաշուէին այս գիրքերը:
Տարիներու ընթացքին Նուպարեան Մատենադարանին եկան մաս կազմել Աստուածատուր Հարենցի, Օրմանեան սրբազանի, Յովհաննէս Խան Մասէհեանի, Հրանդ Ասատուրի եւ այլոց գիրքերը:
Նուպարեան Մատենադարանը կը պարփակէ նաեւ մամուլի հազուագիւտ հաւաքածոներ, 1840 թուականներէն մինչեւ ներկայ ժամանակները եւ ուսումնասիրողներու տրամադրութեան տակ կրնայ դնել «Մասիս»-ի, «Կռունկ»-ի, «Արեւելք»-ի, «Հայրենիք»-ի, «Բիւզանդիոն»-ի, «Մուրճ»-ի, «Բազմավէպ»-ի, «Բանասէր»-ի, «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի, «Ազգագրական Հանդէս»-ի, «Արաքս»-ի եւ մամուլի այլ անուններու հաւաքածոները:
Մատենադարանին առաջին վերատեսուչին՝ Գրիգոր Սինապեանի մահէն եւ Լեւոն Կիւմիւշկէրտանի պատուակալ վերատեսչութեան կոչուելէն ետք, մատենադարանին յարաբերութիւնները սերտ հանգամանք մը ստացեր են Խորհրդային Հայաստանի հետ, երբ գիրքերու փոխանակութեամբ համաձայներ են իրարու օգնել:
Այն օրերուն կնքուած համաձայնագրի մը համեմատ, Խորհրդային Հայաստան Նուպարեան Մատենադարանին պէտք էր ղրկէր լոյս տեսնող բոլոր հրատարակութիւնները՝ գիրք թէ մամուլ:
Լեւոն Կիւմիւշկէրտան կապ հաստատեր է Մոսկուայի «Վոքս» կազմակերպութեան, Ամսթէրտամի եւ Լէյտընի համալսարաններուն հետ, անոնցմէ գիրքեր ստանալու համար:
Պէտք է նշել նաեւ, որ Նուպարեան Մատենադարանէն ներս կը պահուին հին լուսանկարներ, որոնք կը կազմեն կարեւոր ֆօթո-ֆոնտ մը, քարտէզներ, վաւերագրեր, հայ գրագէտներու արխիւներ: Հոն կեդրոնացած են Հրանդ Ասատուրի, Խաչատուր Միսաքեանի, Խաչիկ Ուղուրիկեանի, Օրմանեան եւ Մանկունի սրբազաններուն, Տիգրան Երկաթի, Եագուպ Արթին Փաշայի արխիւներն ու ձեռագրերը:
Այդ թուականներուն՝ 1935-ին Մատենադարանին Վարչութիւնը նպատակ ունեցեր է կազմելու նաեւ դրամագիտութեան բաժին մը, որուն կորիզը պէտք էր դառնային Կիլիկիոյ Սահակ Կաթողիկոսին կողմէ նուիրուած քսան կտոր Կիլիկեան պղինձ եւ արծաթ հազուագիւտ դրամները:
Մատենադարանը հաւաքած է նաեւ ազգային նշխարներ, ինչպէս Զօր. Անդրանիկի անձնական իրերն ու թուղթերը, ամփոփուած յատուկ ապակեդարանի մը մէջ:
Գալուստ Կիւլպէնկեան Մատենադարանին նուիրեր է 1673 թուականին ծաղկարար Ղազարի կողմէ Եւդոկիոյ մէջ գրուած ու նկարազարդուած թանկագին Յայսմաւուրք մը:
«Արամ Անտոնեան մեծ ձեռնհասութեամբ եւ նուիրումով կատարած է Մատենադարանին կազմաւորման եւ դասաւորման դժուարին աշխատանքները 1927-էն ի վեր, գրադարանապետի իր պաշտօնով»:
Արամ Անտոնեան Համաշխարհային Բ. պատերազմին, գերմանացիներուն Փարիզ ներխուժումի օրերուն, ինքզինք վտանգի ենթարկելով կրցեր է փրկել Մատենադարանին գիրքերէն մաս մը, իսկ մնացեալը Պերլին (Գերմանիա) փոխադրուած է, «ուսումնասիրելու համար հայկական մշակոյթը եւ հայերու կապը արիական ցեղերուն հետ»: Պատերազմին աւարտէն ետք կարելի եղած է այդ գիրքերը վերադարձնել Նուպարեան Մատենադարան:
Այսօր նոյն հասցէին վրայ գտնուող ՀԲԸ Միութեան Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանը կը շարունակէ այնքան օգտակար աշխատանքը, իր ծառայութիւնները տրամադրելով գլխաւորաբար մասնագէտներու, հայ թէ օտար:
Մարուշ Երամեան