1915 թուականէն ետք, Հալէպ համախմբուած հայ աղէտեալ ժողովուրդը մեծամասնութեամբ եւ մասնաւորաբար անոնք, որոնք հասած են մեծ ու փոքր քաղաքներէ կամ գիւղաքաղաքներէ եղած են արհեստավարժ եւ մասնագէտ արհեստաւորներ, որովհետեւ արհեստը հայ ժողովուրդին մօտ հինէն արմատացած ու յարգուած է:
Աւելին$ արհեստը յատկապէս՝ XV – IX դարաշրջանին, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է անոր կեանքին մէջ: Արհեստի հրամայականը խորապէս թափանցած է մեր ազգային մշակոյթին մէջ եւ ցոլացում ունեցած արդի հայ գրականութեան էջերուն վրայ: Բոլորիս յիշողութեան մէջ թարմ է օրինակ՝ «արհեստը ոսկի ապարանջան է» ասոյթը, կամ Յովհաննէս Թումանեանի «Գիգորը» պատմուածքը:
Մասնաւորապէս 19-րդ դարէն ետք, հայկական վարժարաններու լայնածաւալ ցանցը դրական ազդեցութիւն ունեցած է հայ անհատի կեանքին եւ աշխարհահայեացքին վրայ: Հայը միշտ ալ խուսափած է ժամանակավրէպ ըլլալէ, իսկ արհեստը խոր ազդեցութիւն ունեցած է անոր զարգացման մէջ, որովհետեւ անով իսկ քայլ պահած է աշխարհի զարգացող քաղաքակրթութեան հետ: Օրինակ. երբ տպագրութեան գիւտը յայտնաբերուած է, հայը, շատ մը ազգերէ առաջ, զայն առաջին կիրարկողներէն ու ընկալողներէն եղած է ու տպագրութեան արհեստը իւրացուցած է ամբողջութեամբ: Այսինքն՝ ընդունած է տպագրութիւնը ոչ թէ որպէս սոսկ թուղթի վրայ տպելու արհեստ, այլ հմտացած է թուղթ պատրաստելու, մելան համադրելու, գիրեր ձուլելու եւ տպարանի մամուլ շինելու արհեստի ամբողջութեան մէջ: Օրինակ. 1638-ին Խաչատուր Եպիսկոպոս Կեսարացի (Նոր Ջուղա) Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ կը հիմնէ Նոր Ջուղայի տպարանը բոլորովին սեփական եւ տեղական ջանքերով։ Տպարանի մամուլը անգամ կը շինուի եւ կը պատրաստուի Նոր Ջուղայի մէջ:
Այս նախաբանէն ետք, վերադառնալով պանդուխտ հալէպահայուն, աւելցնենք, որ ան, շատ մը տարբեր արհեստներ իւրացնելու կողքին, յաջողակ արկղագործ մը եղած է։ Պատրաստած է տարատեսակ արկղեր, տուփեր, սնտուկներ եւ պահարաններ, որոնք ընդգրկած են արտադրական հարուստ տեսականի, ատաղձ ունենալով փայտի, արծաթի կաւարներ, խեմեր, թիթեղներ եւ յաւելադիր մասեր:
Հալէպ ունեցած է արկղագործութեան մեծ շուկայ եւ արկղագործներու պատկառելի փաղանգ մը, որ տեղացիներուն մէջ ճանչցուած է «ալ-Օլապիէ» անունով։ Այս ոլորտի արհեստաւորները կը գոհացնէին բազմատեսակ պահանջքներ, ինչպէս օրինակ՝ զանազան չափի տուփեր ու ամաններ, ջաղացքներու ալիւրի արկղեր, ջրանիւներու արկղեր եւ այլն, ատաղձ գործածելով փայտի կաւար, խեմ ու սատաֆի դրուագներ, որպէս զարդարանք:
Սակայն 20-րդ դարու զարգացումները մաշեցուցին արկղագործութիւնը, զայն հասցնելով անմխիթար վիճակի մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ որ շատ մը արկղագործներ պարտադրաբար լքեն արհեստը:
Այս յուսահատական պայմաններուն մէջ, հայ արկղագործը շուտով կրցաւ արհեստը պատուաստել նոր աւիշով մը, զարգացնելով զայն ու համահունչ դարձնելով արդիական պահանջքներուն: Ինչպէս ծանօթ է՝ արկղագործին պարտականութիւնը եղած է պատրաստել զանազան զարդատուփեր, գրչատուփեր, գրքի պահպանիչներ եւ այլ նման տուփեր ու սնտուկներ, սակայն շուկայական պահանջքին նուազումով հայ արկղագործը կը ձեռնարկէ աւելի մասնագիտական տուփերու եւ սնտուկներու պատրաստութեան, ներածող վաճառականին հետ համադրաբար կը պատրաստէ կարի մեքենաներու սնտուկներ եւ մեքենաները կը տեղաւորէ անոնց մէջ: Նոյնպէս եւ աւելի նրբութեամբ կը պատրաստէ ժամացոյցի պահարաններ, անոնց մէջ տեղաւորելով ժամացոյցի մեքանիք բաժինը։ Կը պատրաստէ կրամաֆոնի գեղեցիկ տուփեր, կամ լուսանկարչական արկղեր՝ անոր մէջ նրբութեամբ զետեղելով լուսանկարող ոսպնեակը եւ վերջապէս կը պատրաստէ ինքնագործ դրամարկղեր եւ գանձարկղեր (քասսա), նախաքայլ մը առնելով դէպի ճարտարարուեստ եւ այս ամբողջութիւնը դարձնելով հայ արհեստաւորին մենաշնորհը։ Ան տեղական շուկային կը հրամցնէ աւելի նպաստաւոր գիներով եւրոպական գործիքներ: Եթէ այսօր այս արհեստը դանդաղած է իր ամբողջութեան մէջ՝ ճարտարագիտութեան արագ զարգացումին հետեւանքով, մնացած է գանձարկղերու տեղական արտադրութիւնը, որպէս ժառանգ հայու ձեռքերով Սուրիա մուծուած ճարտարարուեստի մը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս: Այս մարզի վաստակաւոր արհեստաւորներու անուններէն կարելի է յիշատակել՝ Կարապետ Գազանճեան, Մուշեղ Դաւիթեան, Պետրոս Կարապետեան, Գրիգոր Օղլիեան եւ ուրիշներ:
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան