Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Հալէպի մէջ գործող հայ առաքելական 5 եկեղեցիներէն ներս իւրայատուկ տնօրինումով մը հաւանաբար 1970-ականներէն ի վեր, կիրակնօրեայ պատարագին առընթեր, շաբթուան օրերէն մին, եկեղեցիներէն մէկուն մէջ  պատարագ մատուցելու դրութիւն հաստատուած է, անկախաբար տօնական օրերուն մատուցուող պատարագէն։
Այս դրոյթին մէջ Ս. Քառասնից Մականց Մայր եկեղեցւոյ շաբաթական պատարագի օրը ճշդուած է երեքշաբթի օրերը, ինծի ծանօթ չէ թէ ինչո՛ւ Ս. Քառանից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ երեքշաբթի օրերու պատարագը ժողովուրդին կողմէ կը կոչուէր Ս. Մինասի պատարագ։
Հալէպահայ  հաւատացեալները ակնածանքով իւրաքանչիւր երեքշաբթի կը փութային Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի՝ ներկայ ըլլալու Ս. Մինասի պատարագին։
Շուրջ չորս տասնամեակներ առաջ, օրուան թեմակալ առաջնորդ Սուրէն Արք.  Գաթարոյեան, դպիրներուն երեքշաբթի օրերը եկեղեցի գալու եւ երգեցողութիւնը կատարելու դժուարութիւնը հարթելու եւ յաւուր պատշաճի պատարագի երգեցողութիւնը ապահովելու  համար, եկեղեցւոյ Տիկնաց Յանձնախումբին ճամբով հիմնած է տիկիններէ եւ օրիորդներէ բաղկացած «Շողակաթ» երգեցիկ խումբը, որ անկախաբար դպրաց դասէն ունեցած է իր խմբավարն ու երգեհոնով ընկերակցողը, բոլորն ալ կամաւոր։ Կարճ ժամանակ մը անց, իգական սեռին կողմէ այս ճամբով եկեղեցւոյ պայծառութեան մասնակցիլ փափաքողներու քանակական աճը եւ կատարուած գործի գնահատելի արդիւնքը քաջալերած են առաջնորդը, որ ընդառաջելով Թաղական խորհուրդի եւ Դպրաց դասու վարչութեան համատեղ առաջարկին արտօնէ, որ «Շողակաթ» երգեցիկ խումբի անդամուհիները, եթէ կամենան, որպէս դպրուհիներ մաս կազմեն Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասուն, այսինքն՝  իրողապէս երկսեռանայ դպրաց դասը։ Երեւոյթը աննախընթաց էր Հալէպի Մայր եկեղեցւոյ համար։ Առ այդ, վերամշակուած է Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասու կանոնագիրը, ուր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դաւանանքին, աւանդոյթին եւ ծէսին համահունչ կանոնակարգուած է դպիրներուն կողքին դպրուհիներ ունենալու իրողութիւնը։ Կարճ ժամանակ անց, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասու կանոնագիրը թեմի պատկառելի Կրօնական ժողովին վաւերացումով Դեկտ. 2008-ին ընդհանրացուած է թեմի տարածքին, որպէս Բերիոյ Թեմի դպրաց դասերու կանոնագիր։
Իբրեւ ականատես կրնամ վկայել, որ երեքշաբթի օրերը եկեղեցին Ս. Մինասի խուռներամ ուխտաւորներու աղօթքներով կը ջերմանար կարծէք։ Եկեղեցւոյ հարաւային որմին, Ս. Մինասին նուիրուած սրբասեղանը կառուցուած է 1976 թ.-ին,  բարերարութեամբ Զաւէն Մկրեանի, մոմավառութեան յատկացուած վարդագոյն մարմարեայ  աւազանին մէջ տեղադրուած երկաթեայ յենակներով  աշտանակները կը յորդէին գլխիվար վառուած մոմերով։ Սերունդէ-սերունդ փոխանցուած աւանդութեամբ սուրբին խնդրամատոյց հաւատացեալները իրենց խնդրանքի ընդունման աղերսին հետ գլխիվայր մոմեր կը վառէին՝ «Ս. Մինասի մոմ» անուանելով զանոնք։ Մատուցուած խնդրանքին իրականացումով, խնդրամատոյց հաւատացեալը  գլխիվայր վառած մոմերը կը փոխարինէր սովորական մոմեր վառելով խնդրակատար սուրբին։ Որպէս փոքրիկ դպիր, եկեղեցւոյ ծառայութեան տարիներուս յաճախ նկատած եմ, որ քրիստոնեայ այլ համայնքներէ ուխտաւորներ եւս ջերմեռանդութեամբ կ’աղօթէին սրբապատկերին առջեւ։
Քիչերու թերեւս ծանօթ է, որ Ս. Մինասը Քրիստոսի 72 աշակերտներու հոյլին կը պատկանի, կոչուած է նաեւ Զենոն, կը կարծուի որ Հալէպի մէջ քարկոծուած է կուսութիւն քարոզած ըլլալուն համար։ Սուրբի մասին տեղեկութիւնները քաղեցի «Վարք Սրբոց»-ի աշխարհաբարի վերածուած տարբերակէն, էջ (232) հրատարակութիւն հայ առաքելական եկեղեցւոյ եղբայրակցութեան, Պէյրութ – կեդրոն, 1975, տպարան «Ատլաս»:
Կը մտածեմ. արդեօ՞ք սուրբին անուան Հալէպի աղերսուած ըլլալուն պատճառով է, որ դարերէ ի վեր արեւելքի քրիստոնէական կեդրոններէն մին հանդիսացող Հալէպ քաղաքի քրիստոնէական հաւաքական յիշողութեան մէջ  իր ինքնուրոյն տեղը գրաւած է Ս. Մինասը եւ այդ պատճառով առնչուած նախ Հալէպի քրիստոնէական հնագոյն մատուռը հանդիսացող, ապա Հայ առաքելական ընդարձակ Եկեղեցւոյ վերափոխուած Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ  անուան:  Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ գտնուող Ս. Մինասի սրբանկարը իր նմանակը չունի Հալէպի  հայկական կամ այլ եկեղեցիներու մէջ։ 1980-ականներէն սկսեալ երեքշաբթի օրուան Ս. պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կը կատարեն Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասու դպրուհիները, իրենց կատարողութեամբ հմայելով հաւատացեալները։
Գրիգոր Տունկեան