3. Գոյատեւման ուղիներ եւ ռազմավարութիւններ
Հայկական համայնքներու կենսունակութեան պահպանումը՝ քաղաքական անկայունութեան եւ անվտանգութեան սպառնալիքներու առկայութեան պայմաններուն տակ, կþենթադրէ բազմաշերտ, առաւելապէս ինքնակառավարուող եւ տարածաշրջանային վիճակներուն համապատասխանեցուած ռազմավարութիւններու կիրարկում: Այս բաժինը կը ճշդէ չորս հիմնական ուղղութիւններ, որոնք կրնան նպաստել համայնքներու վերակազմաւորման եւ շարունակական զարգացման:
ա) Կրթական ենթակառոյցներու պահպանման եւ արդիականացման անհրաժեշտութիւն
Կրթութիւնը կը հանդիսանայ ոչ միայն լեզուական ու մշակութային ինքնութեան փոխանցման միջոց, այլեւ՝ համայնքային վերարտադրութեան հիմք: Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարժարանային համակարգը, մասնաւորաբար՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, երկար տարիներու ընթացքին ձեւաւորած է լուրջ դեր՝ համայնքի կաղապարող բնոյթի, հասարակական վերելքի եւ հայեցի դաստիարակութեան համակարգին մէջ:
Սակայն վերջին տարիներուն տնտեսական ճգնաժամերու եւ ներգաղթի պատճառով այդ դպրոցները կանգնած են ֆինանսական եւ մարդուժի սպառման վտանգին առաջ: Այս պարագային առաջնահերթ է՝
– Ճկուն դպրոցական ծրագրերու կիրարկում,
– Մասնագիտացած պատասխանատուներ,
– Ուսուցչակազմի վերապատրաստում՝ արդի մանկավարժական մօտեցումներով,
– Համայնքային եւ սփիւռքեան վաստակաշատ դերակատարներու մասնակցութիւնը (օրինակ՝ Հայկազեան համալսարանի, կամ սփիւռքի կրթական հիմնարկներու միջեւ փոխգործակցութիւն),
– Տեղական եւ միջազգային դրամաշնորհներու համադրուած օգտագործում:
բ) Հայ Դատի տեղայնացում եւ քաղաքական ռազմավարականացում
Հայ Դատը Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է անցնի բացառապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն դէպի ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարթակ: Այլ խօսքով, Հայ Դատը պէտք է սերտօրէն կապուի տեղական քաղաքական հոլովոյթներուն հետ եւ ձեւաւորուի որպէս համայնքային իրաւունքի եւ ներկայութեան պահանջի մեքանիզմ:
Օրինակ՝
– Սուրիոյ մէջ Հայ Դատը կրնայ ընդգծել փոքրամասնութիւններու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցը:
– Իրանի մէջ կրնայ յղուիլ կրօնական փոքրամասնութիւններու կրթական եւ լեզուական իրաւունքներու խթանման:
– Լիբանանի մէջ նոյն ձեւերու մասին ցարդ կարելի չէ խօսիլ՝ նկատի առած Լիբանանի համայնքային դրութիւնը եւ լիբանանահայութեան վայելած քաղաքական ներկայացուցչութիւնը:
Այս տրամաբանութեամբ, Հայ Դատը կը վերածուի քաղաքական միջամտութեան մեքանիզմի՝ հիմնուած մարդկային իրաւունքներու, բազմազանութեան արժէքներու եւ քաղաքացիական ներկայացուածութեան վրայ:
գ) Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն եւ կիրառական հաւաքականութիւն
Հայկական մշակութային գոյքերը՝ եկեղեցիներ, վարժարաններ, գերեզմանատուներ եւ թանգարաններ, ոչ միայն համայնքային ինքնութեան վկայութիւն են, այլեւ ապացոյցներ՝ համայնքի հարազատութեան եւ պատմական շարունակականութեան:
Այս ժառանգութիւնը վտանգուած է՝
– Քաղաքացիական պատերազմի պատճառով (Հալէպ, Գամիշլի, Տէր Զօր եւ այլն),
– Քաղաքաշինական ճնշումներու պատճառով (Պէյրութի մէջ թաղամասերու շինարարական ճնշումներ),
– Ներհամայնքային անտարբերութեան եւ հոգածութեան բացակայութեան պատճառով:
Այս պարագային, անհրաժեշտ է ստեղծել մասնագիտացած կառոյցներ՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան վաւերագրման, վերանորոգման եւ հանրայնացման նպատակով: Այդ աշխատանքը կրնայ կատարուիլ համագործակցաբար միջազգային կառոյցներու, օրինակ՝ UNESCO, ICCROM (International Centre for the Study of the Preservation and Restoration of Cultural Property) եւ այլ նմանօրինակ կառոյցներ:
դ) Երիտասարդ սերունդի ներգրաւում եւ հայրենակցական կապերու վերաշինում
Տարածաշրջանի հայ երիտասարդութեան մեծ մասը կը դիմէ արտագաղթի: Սակայն շատերու համար կապը համայնքի, հայ մշակոյթի կամ ազգային ինքնութեան հետ կը մարի, որովհետեւ բացակայ է Սփիւռք-համայնք-Հայաստան կապը:
Այս պարագային անհրաժեշտ են՝
– Երիտասարդական ներգրաւման ծրագրեր, ինչպէս՝ AGBU-ի «Աբողջական քաղաքացի» կամ Birthright Armenia-ի մասնաճիւղեր Միջին Արեւելքի հայերու համար,
– Բազմապատկել մշակութային ճամբարներ եւ ամառնային դասընթացքներ (որոնք տեղի կրնան ունենալ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ),
– Տեղական երիտասարդական ակումբներու քաղաքական եւ մշակութային հարթակներու ընդլայնում,
– Ենթակառուցուածքային աջակցութիւն՝ IT, արդիական կրթութեան ձեւեր:
4. Հայ Դատի մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները տարածաշրջանային մակարդակով
Հայ Դատը՝ իբրեւ հայութեան քաղաքական պահանջատիրութեան առանցք, Միջին Արեւելքի մէջ կը դիմագրաւէ հետեւեալ մարտահրաւէրները, սակայն միաժամանակ կը ներկայանայ որպէս ռազմավարական հնարաւորութիւն:
Մարտահրաւէրներ
1. Տարածաշրջանային պետութիւններու շահերու առաջնահերթութիւնը արդարութեան նկատմամբ:
Օրինակ՝ Թուրքիոյ հետ տնտեսական ու անվտանգութեան յարաբերութիւնները յաճախ կը վերածուին հայութեան պատմական պահանջներու անտեսման կամ չէզոքացման քաղաքականութեան: Այս կը նկատուի յատկապէս Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ նոյնիսկ Լիբանանի պարագային:
2. Հայկական համայնքներու թոյլ կազմակերպուածութիւնը եւ գաղթը:
Անգործութեան պատճառով բացակայ է համահունչ եւ բանիմաց քաղաքացիական հզօրութիւն մը, որ կրնայ շարունակել Հայ Դատի քաղաքական ճնշումի արշաւը:
3. Ճշդուած եւ համադրուած ռազմավարութեան բացակայութիւն:
Շրջանի համայնքներու միջեւ քիչ կան համադրող մեքանիզմներ՝ տեղեկատուական, դիւանագիտական եւ լրատուամիջոցային մակարդակներով:
Հնարաւորութիւններ
1. Հայ Դատի ընդլայնումը մարդու իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու օրակարգին մէջ:
Այս մօտեցումը կրնայ ապահովել, որ Հայ Դատը միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ չկեդրոնանայ, այլ դառնայ արդի օրակարգի մաս՝ համահունչ միջազգային իրաւունքի եւ սահմանադրական բազմազանութեան արժէքներուն:
2. Տեղական եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւն՝ այլ փոքրամասնութիւններու հետ (ասորիներ, յոյներ, քիւրտեր):
Հայ Դատը կրնայ վերածուիլ համախոհական ցանցի՝ իբրեւ փոքրամասնութիւններու համերաշխութեան օրակարգ, զուգահեռ՝ միջազգային լսարանի կողմէ աջակցութեան ձգձգում:
3. Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նոր ձեւերու հիմնում:
Հայաստան կրնայ դեր ստանձնել՝ իբրեւ դիւանագիտական եւ մշակութային օրէնսդիր ուժ, որ կը վերագնահատէ համայնքներու կարիքները եւ կապը պետութեան հետ՝ փորձելով համադրուած Հայ դատ մոտել մը ներկայացնել:
Եզրակացութիւն
Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ կը գտնուին պատմական իրադարձութիւններով ճնշուած եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներով սահմանափակուած գոյաբանական շրջագիծի մէջ: Ներկայ պայմաններուն մէջ անոնց գոյատեւման միակ ուղին կը թուի ըլլալ աշխոյժ, ինքնակազմակերպուած, բազմամակարդակ եւ արտաքին քաղաքական ու դիւանագիտական զօրակցութեամբ համադրուած ռազմավարութիւններու որդեգրումը:
Հայ Դատը եւ համայնքային գործունէութիւնը պէտք է դուրս բերուին խորհրդանշական շրջապատէ եւ տեղայնացուին՝ դառնալով կենսական հարց՝ թէ՛ ինքնութեան պահպանման, թէ՛ արդարութեան վերականգնումի եւ թէ՛ շրջանային կայունութեան նպաստելու իմաստով:
Վերա Եագուպեան