Սփիւռքահայու մեր առօրեայ կեանքը այնքան զաւեշտալի է եւ խայտաբղէտ, որ… սինեմայի կը նմանի եւ անոր պէս հետաքրքրական է. ահա թէ ինչո՛ւ Սարուխան այս թերթը «Հայկական Սինեմա» անուաներ է:
Սարուխանի սկզբնական եւ ամբողջական գործերէն մին է ասիկա, որուն մասին գրեթէ չէ խօսուած, առանց հաշուելու անոր նուիրուած Գրիգոր Քէօսէեանի սքանչելի հատորը:
1925-1926 տարեշրջանին, միայն մէկ տարի երեւցած երգիծական շաբաթաթերթ մը, որուն գաղափարը յղացողն ու արտօնատէրը եղած է Սարուխան, Եգիպտոս գալէն անմիջապէս ետք:
«Մեր նպատակն է զայն ընել ճշմարիտ գրական ու գեղարուեստական երգիծաթերթ մը, հեռու փախչելով ամէն գռեհկութենէ, դիտումնաւոր չարախօսութիւններէ, անիրաւ յարձակումներէ» կը կարդանք առաջին թիւին մէջ:
Իւրաքանչիւր թիւ ունի իր խմբագրականը, մի՛շտ երկրորդ էջին վրայ, առանց խմբագիրի անունի, պարզապէս՝ «Հայկ. Սինեմա»:
Այս խմբագրականները ունին տարբեր խորագրեր. առաջինը Դռնբացիկ կը կոչուի, երկրորդը՝ Սպասեցէք, որ խանդավառութիւն կ’արտայայտէ.
«Չէինք սխալած»:
«Հայկ. Սինեմա»-ն փառաւոր եւ յաղթական մուտք մը գործեց Եգիպտոսի հայ լրագրական ասպարէզէն ներս: Գրեթէ չմնաց ընթերցասէր ազգային մը, որ օրինակ մը չգնէր…»:
Այս հակիրճ գրութեան մէջ տրուած են մեր մամուլի այն օրերու (դժբախտաբար նաեւ այս օրերու) վիճակը եւ այդ վիճակին բաղադրիչները, սեղմ տողերով.
«Կուսակցական անվերջ վէճերէն ու վիճաբանութիւններէն ձանձրացած, եւ ազատ ու անկաշկանդ խօսքի սիրահար այս ժողովուրդը, անցեալ Ուրբաթ լայն շունչ մը առաւ, իր ճաշակին եւ իր մտածումին թարգման թերթի մը շօշափելի գրաւականն ունենալով ձեռքին մէջ»:
«Ձանձրոյթը միօրինակութենէն ծնաւ, կ’ըսէ առած մը: Մեր քաղաքական կամ կուսակցական թերթերը սոյն առածին սահմաններուն մէջ կը գտնուին»:
«Եւ դեռ մեր ներկայութիւնն իսկ չամբողջացնէր մամուլին դերը: Պէ՛տք է ունենանք նաեւ չէզոք թերթ մը»:
Տեղ մը կ’ըսուի՝ ««Հայկ. Սինեմա»-ն չէզոք չէ», որովհետեւ Հայաստանի «կուսակցութեան» կը պատկանի, ներկայացնելով Հայաստանի այդ ծանր շրջանի ցաւերն ու լուսաւոր կողմերը, եւ յաճախ դէմ դնելով Հայաստանը քարկոծողներուն:
Խմբագիրը եղած է Վ. Զաքարեան, իսկ վերջին շրջանին՝ Երուանդ Օտեան:
Թերթին մէջ երեւցած յօդուածները գրեթէ անստորագիր են, ծածկանուններ են եւ կամ միայն անուանատառեր, ինչպէս Կիկո (Գրիգոր Թորոսեան), Վ.Չ., Կ.Կ., Չ, Ս. Րոպէր եւ այլք: Սակայն յօդուածներուն թիրախ դարձած անձերը կը յիշուին անուն-մականունով:
Յաճախ ակնարկ կայ մեր մամուլին եւ անոր անփառունակ վիճակին. «Լրագրական Դասընթացք»-ին մէջ կը կարդանք.
«Յուսաբերի տուեալ համարին խմբագրականը դիտել կու տար, թէ մինչ սկսուած է ուսուցիչներէն վկայական պահանջուիլ, լրագրողներուն հարցնող-փնտռող չկայ թէ ո՞վ են եւ ի՞նչ կը ներկայացնեն իրենք»:
Ապա կ’եզրակացնէ.
«Որքան որ կը հասկնանք, լրագիրը վաճառքի ապրանք մըն է, եւ որովհետեւ վաճառքի այս նիւթին յաճախորդները քիչ են մեր մէջ, անիրաւութիւն չպիտի՞ ըլլար մէյ մըն ալ վկայական պահանջելը լրագրողներէն. ի՞նչ տուած ենք, որ ինչ պիտի պահանջենք»:
Հետաքրքրական է, որ բոլոր նիւթերը, մանաւանդ անոնք, որոնք թերթերուն մէջ երեւցած յօդուածներու կ’անդրադառնան, անուն-մականունով կը խօսին:
«Հայկ. Սինեմա»-ն կ’անդրադառնայ գաղութին, երբեմն նաեւ Սփիւռքէն հասած բոլոր լուրերուն, երգիծական մեկնաբանութիւններով եւ յաճախ սուր սլաքներով: Շատ մելան հոսեցուցած նիւթերէն մէկն է Մելքոնեանի կտակը (թերթին մէջ Մելքոնեանը մի՛շտ քով գրուած է, ինչպէս հարկ է որ ըլլայ, թէեւ անձը ինք իր մականունը գրեր է գ-ով): Այլ մելան հոսեցուցած նիւթ է թեմական-քաղաքական ժողովներն ու անոնց անդամները, որոշումները… գզուըռտուքը:
Թերթին ութ էջերէն չորսին մէջ Սարուխան մեծ եւ գունաւոր գծանկարներ ունի, որոնք մի՛շտ կ’անդրադառնան մեզ յուզող հարցերու. իսկ այն օրերուն՝ 1925-1926-ի շրջանին այնքա՜ն առատ էին մեզ յուզող հարցերը…
Թերթը լոյս տեսած է գունաւոր, ինչ որ իր ժամանակուան համար պերճանք մըն էր, միաժամանակ ըլլալով ծախսալից, որ պատճառներէն մէկը եղած է շաբաթաթերթի դադարումին:
2017-ին «Տոլորէս Զօհրապ Լիպման հիմնադրամ»-ի միջոցներով եւ Գրիգոր Քէօսէեանի հեղինակութեամբ Պոստոնի մէջ լոյս կը տեսնէ մեծ, երկլեզու (անգլերէն, հայերէն) հատոր մը, խորագրուած «Հայկական Սինեմա պատկերազարդ երգիծաթերթ, Գահիրէ 1925-1926» (248 էջ):
Գիրքին երեւումին առիթով եւ անոր նուիրուած շնորհանդէսին ընթացքին «Նոր Օր» թերթին ֆմէջ գրուած թղթակցութիւնը կը սկսի այս խօսքերով.
«Եթէ Գրիգոր Քէօսէեան ութ տարի եւս համբերէր, Ալեքսանդր Սարուխանի խմբագրած «Հայկական Սինեմա» թերթին հարիւրամեակին պիտի զուգադիպէր վերջերս հրատարակուած շքեղ հաւաքածոյին վերերեւումը»:
«Հայկական Սինեման կարելի է նկատել պատկերազարդ Օրագիր մը մեր ազգային ֆպատմութեան դժնդակ մէկ շրջանին, մեր ներքին կեանքով թէ մերձակայ արտաքին աշխարհով – թրքական, քրտական – ինչպէս նաեւ մեր բախտը կերտող թէ քանդող մեծ պետութիւններու քաղաքականութեամբ, այնքան պերճախօս եւ հնչեղ եղանակովը Սարուխանի: Արուեստագէտին գիծերուն եւ ձեւերուն տեսողական զօրութեամբ օժտուած գործը – Սինեման – կարելի է նկատել իր առաջին մեծարժէք ստեղծագործութիւնը, անոր հետեւող մնայուն գործերուն կարգին» կը կարդանք այս շքեղ հատորին յառաջաբանին՝ «Սարուխանի Եգիպտահայոց Սինեման»-ի մէջ:
«Մեր առաջադրանքը կը կազմէ գլխաւորաբար գծագրային երգիծանքին ուսումնասիրութիւնը» կ’ըսէ հեղինակը իր ծաւալուն յառաջաբանին մէջ: Սակայն յետոյ, կարծես չդիմանալով փորձութեան, սպառիչ կերպով կը գրէ նաեւ թերթին գրային բաժնին մասին:
Քէօսէեան սպառիչ կերպով ներկայացուցեր է Սարուխանի այս թերթը, գիրքը հետեւեալ գլուխներուն բաժնելով՝ Ա. մաս՝ «Հայկական Սինեմա»-ի Երեւումը, Երգիծանկարները, Մելքոնեան կտակը եւ Խավակա Մուշեղ (հետագային կարգաթող Մուշեղ Սրբազանին մասին), Թուրքիա Մուսթաֆա Քեմալ, Որբ եւ Գաղթական, Արեւ, Յուսաբեր եւ Ազգային Իշխանութիւն, Անհատներու Երգիծանկարներ, Զանազանք. Բ. մաս՝ Գրական բաժին, Գ. մաս՝ Սարուխանի տէրութիւնը: Անշուշտ հատորը ունի նաեւ ծանօթագրութիւններու ընդարձակ բաժին մը եւ «Նօթեր Խաթաբալայի մասին»: Այս բոլորին կը յաջորդեն «Հայկական Սինեմա»-ին մէջ երեւցած Սարուխանի 200 երգիծանկարներէն 80-ին մաքրուած վերարտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ «Շաբաթական Քրօքի»-ներէն 6 օրինակներ (բառը Քէօսէեանի հատորին մէջ «քրօնիկ» գրուած է, մինչ թերթին մէջ անիկա «քրօքի» է):
Քէօսէեան, սկսելէ առաջ «Հայկական Սինեմա»-ի մասին խօսիլ, ներկայացուցած է հայաշխարհին մէջ լոյս տեսած սակաւաթիւ երգիծաթերթերը: Ապա կ’ըսէ.
«Մեր առաջադրանքը կը կազմէ գլխաւորաբար գծագրային երգիծանքին ուսումնասիրութիւնը»:
Եթէ չըլլար Գրիգոր Քէօսէեանի պատրաստած շքեղ հատորը, թերեւս Ալեքսանդր Սարուխանի այս սկզբնական եւ ամբողջական գործը՝ «Հայկական Սինեմա»-ն մնար մոռացութեան գիրկը, սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ տեղ մը ծուարած:
2025-ը կը նշէ Սարուխանի այս գործին հարիւրամեակը: Թող մեր գրութիւնը յարգանքի փոքր տուրք մը ըլլայ այս կարեւոր շաբաթաթերթին եւ անոր ետին կեցող մեծն Սարուխանին, որ, պէտք է խոստովանիլ, անսպառ նիւթ է եգիպտական (արաբերէն) մամուլին եւ ձեռնարկներուն համար:
Մարուշ Երամեան