Գիրքերը կը յաջորդեն գիրքերուն։ 2025 տարուան մէջ Մակար Արք. Աշգարեան կ՚աւարտէ մէկը գիրքը ու կարծէք առանց սեղանէն շարժելու կ՚անցնի նորի մը կառուցումին։
Իմացական աշխատանքի այս հեւքն ու տենդը կ՚ընթանան հովուական ծառայութեան զուգահեռ, որովհետեւ Մակար սրբազան կը հաւատայ, որ քրիստոնէական արժէքները կ՚իւրացուին նաեւ ընթերցելով գիրքեր, որոնք կը վերլուծեն, կը պարզաբանեն ու մշտական ընկերակիցը կը դառնան քրիստոնեայ հաւատացեալին՝ հոգեպիղծ այս աշխարհին մէջ անոր հոգին հարստացնելով, իսկ խաւարին մէջ՝ միտքը լուսաւորելով։

Արդարեւ, Հինգշաբթի, 26 Յունիսին Բերիոյ Հայոց Թեմի հոգեւոր գրադարանը հարստացաւ մէկ այլ հրատարակութեամբ, երբ Հաղէպո «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Արք. Աշգարեանի 2025-ի 6-րդ հրատարակութիւնը՝ «Դաւիթ Մարգարէին Սաղմոսները.
1-18, Բացատրողական Փորձ Մը, Ա. Հատոր»։

Գիրքը կը հրատարակուի քաղցր յիշատակին՝ տիրամայր Լուսին Սարգիսեանի (ննջման 20-ամեակին)
եւ Գրիգոր Սարգիսեանի (շիջման 12-ամեակին): Մեկենասութեամբ՝
Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի,
որդիական երախտագիտութեամբ։

Ձօնուած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կաթողիկոսական օծման 30-ամեակին։
«Անոր, որ մարմնեղէն ըլլալով հանդերձ, հոգիով կը գերակշռուի։ Անոր, որ աշխատանքով անդաստանը կը մշակէ ու կը ծաղկեցնէ։ Աստուածասէրին, որ գայն իր կեանքով կը մարմնաւորէ Աստուածավախին, որ զայն իր գործերով կ’արտայայտէ։
«Ազգասէրին, որ տագնապելով ու անոր արդար դատին քաջամարտիկ պաշտպանը հանդիսանալով կը բացայայտէ։ Մշակութասէրին, որ գիտակից կառչածութեամբ եւ արժէքներու գնահատման զգացողութեամբ ցույց կու տայ։
«Անվախ քաջամարտիկին, որ իր Տիրոջ օրինակին հետեւելով, քաջութեամբ եւ համարձակութեամբ կը խօսի ու կը վկայէ: Աղօթասէրին, որ իր կեանքն ու աշխատանքը անով կը պայմանաւորէ: Ապագայատեսիլին, որ մտքի կարողութեամբ եւ հոգիի սրաթափանցութեամբ կը կիրարկէ»:

Կողքի սրբապատկերը՝ Դաւիթ Մարգարէն, գործն է Յովսէփ վրդ. Աշգարեանի (Իտալիա)։

Իր «Երկու Խօսք»-ին մէջ Մակար սրբազան կը գրէ.
«Սոյն աշխատասիրութիւնը, երկու հատորներով, կը ներառնէ Սաղմոսաց գիրքին 1-34 սաղմոսներուն պարզ սերտողութիւնն ու բացատրութիւնը:(Ա. Հատորը՝ 1-18 սաղմոսները եւ Բ. Հատորը՝ 10-34 սաղմոսները):
Առաջին հատորը ուրախութեամբ կը ձօնենք Մ.Տ.Կ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին, իսկ երկրորդ հատորը կը ձօնենք Մ. Տ.Կ.Կ. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի կառուցման եւ օծման 85-ամեակին։

Սաղմոսները թէեւ ըստ էութեան Աստուծոյ վերառաքուած օրհնութիւններ են, սակայն, անոնք բոլորն ալ արդիւնք են կենդանիօրէն ապրուած փորձառութիւններու եւ պատկերն ու մարմնաւորումն են իւրաքանչիւր մարդու ապրած կեանքին։ Այս առումով, սաղմոսները իրենց բովանդակութեամբ, իրենց մէջ կը խտացնեն մարդկային կեանքի ամբողջ պատմութիւնն ու ընթացքը, գրեթէ բոլոր երեսներով ու տարածքներով անխտիր, ինչպէս նաեւ իրենց մէջ կը պարփակեն ամբողջ Աստուածաշունչ Մատեանը իր Հին ու Նոր Կտակարաններով»:
Խօսքի աւարտին Սրբազան Հայրը կ՚ընդգծէ.
«Սոյն աշխատանքը թէեւ շատ պարզ եւ դիւրահասկնալի ոճով պատրաստուած սերտողութիւններու շարք մըն է, սակայն պէտք չէ թեթեւակիօրէն երկարաշունչ էջեր ընթերցել, ինչպէս կ’ըլլայ յաճախ պատմուածքի եւ կամ վէպերու ու այլ գիրքերու պարագային։ Այլ հարկ է, որ ընթերցողը իւրաքանչիւր հատուածի կամ մտածումի վրայ կանգ առնէ եւ անձամբ խորհրդածէ, որպէսզի թափանցելով շրջագիծին, ժամանակին, պատմութեան, երեւոյթներուն, դէպքերուն ու դէմքերուն խորքը, եւ իր անձը տեղադրելով այնտեղ, ոչ միայն իմացապէս, այլեւ հոգեպէս ալ օգտուի գիրքին մէջ գրուածներէն եւ կարենայ ներկայ ժամանակին մէջ անձամբ քաղել, ստանալ եւ առնել այն պատգամները, որ տուեալ հատուածը կը թելադրէ կամ կ՚ընծայէ»:

Մակար սրբազան յոյս կը յայտնէ, որ այս համեստ աշխատանքը իր դրական ներդրումը կ’ունենայ ընթերցողի հոգեւոր աճման ու զարգացման Համար, ապա Երախտագիտութիւն կը յայտնէ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք Հերկելեանին՝ աշխատանքը վերանայելուն եւ լեզուական անհրաժեշտ սրբագրութիւնները կատարելուն համար։