Երեքշաբթի, 24 Յունիս 2025-ին, Դամասկոսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Տուէյլըա եկեղեցւոյ մէջ ահաբեկչական նողկալի գործողութեան հետեւանքով նահատակուած 9 քաղաքացիներու թաղման արարողութիւնը:

Արարողութիւնը նախագահեց Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք ամենապատիւ Իւհաննա Ժ. Եազճին:

Պատրիարքը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ նման ոճրային արարք Սուրիոյ մէջ վերջին անգամ 1860-ին եղած էր եւ չենք ընդունիր որ յեղափոխութեան օրերուն նման կոտորած կրկնուի։ «Մեր եղբայրները պարզ արարքի մը զոհեր չեն, անոնք նահատակներ են։ Այս երիտասարդները նետուեցան մահապարտ ահաբեկիչին վրայ, գետին փռեցին զայն ու անոր ձեռնառումբի պայթումին զոհը գացին՝ փրկելով եկեղեցւոյ 250-ի հասնող հաւատացեալներուն կեանքը։ Թոյլ պիտի չտանք, որ նման ոճրարարքներ սուրիական ընկերութեան միասնութիւնը քայքայեն։ Մեզի համար կարեւոր է իմանալ, թէ ովքե՛ր կանգնած են այս ոճիրի ետին։ Միւս կողմէ, սակայն, կառավարութեան պարտականութիւնն է ապահովել բոլոր քաղաքացիներուն, առանց խտրութեան, ապահովութիւնը այս երկրին մէջ։ Մենք իրականացած կ՚ուզենք տեսնել ու պիտի գործակցինք իրականացնելու յեղափոխութեան նպատակները՝ Ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնը, հաւասարութիւնը եւ օրէնքը», եզրափակեց պատրիարքը։

Յիշենք, որ ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով նահատակուեցան 25, վիրաւորուեցան 65 քաղաքացիներ: