Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Դամասկոսի Տուէլըա թաղամասի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան զոհերուն առիթով հեռաձայնային կապ հաստատեց եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ պատրիարքական փոխանորդ Ռոմանոս եպս. ալ-Հաննատին: Նախագահը շեշտեց, որ թիրախը Սուրիոյ ժողովուրդի միասնութիւնն է, ուստի հաստատելով, որ մօտէն կը հետեւի դէպքի հետաքննութեան յորդորեց ուժեղ մնալ եւ չընկրկիլ։