Հիմնուելով Սուրիոյ Ելեւմտից Նախարարութեան առաջադրանքին վրայ, Սուրիոյ տնտեսագէտներու սէնտիքայի նախագահ Մուհամմետ ալ-Պաքուրի եւ Կեդր. Վարչութեան անդամներուն ներկայութեամբ, Երեքշաբթի, 24 Յունիսին կազմուեցաւ սէնտիքայի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ լաթաքիահայ Նայիրի Յարութիւն Սաղտճեան։

Կեդր. Վարչութեան որոշումով Նայիրի Սաղտճեանին վստահուեցաւ սէնտիքայի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի վերապատրաստման գրասենեակի տնօրէնութիւնը։